ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13


Գլուխ 9

Արդարեւ առաջին ուխտն ալ ունէր պաշտամունքին կանոններն ու աշխարհային սուրբ տեղը։
2 Վասն զի առաջին խորանը, որ Սրբութիւն կը կոչուէր, այսպէս կազմուած էր։ Անոր մէջ կային աշտանակը ու սեղանը եւ առաջաւորութեան հացը։
3 Եւ երկրորդ վարագոյրին ետեւը այն խորանը՝ որ Սրբութիւն Սրբութեանց կը կոչուէր.
4 Որուն մէջ էին ոսկի բուրվառը եւ ուխտին տապանակը՝ ամէն կողմէ ոսկիով պատուած՝ որուն մէջ էր ոսկիէ սափորը մանանայով լեցուն, Ահարոնին գաւազանը, որ ծաղկեցաւ եւ ուխտին տախտակները։
5 Անոր վրայէն փառաց քերովբէները՝ որ քաւութեան վրայ հովանի կ’ընէին, որոնց մասին պէտք չէ հիմա մէկիկ մէկիկ խօսիլ։
6 Ասոնք այսպէս կարգադրուած ըլլալով, քահանաները ամէն ատեն առաջին խորանը կը մտնէին՝ պաշտամունք կատարելու.
7 Բայց երկրորդը՝ տարին անգամ մը միայն քահանայապետը կը մտնէր, բայց ո՛չ առանց արիւնի, որ իրեն համար ու ժողովուրդին մեղքերուն համար պիտի մատուցանէր.
8 Սուրբ Հոգին կը ցուցնէր՝ թէ սրբարանին ճանապարհը յայտնի եղած չէր, քանի որ տակաւին առաջին խորանը կը կենար.
9 (Որ օրինակ մըն էր ներկայ ժամանակին համար,) երբ պատարագներ ու զոհեր կը մատուցանուէին, որ խղճմտանքի կողմանէ չէին կրնար կատարեալ ընել պաշտօն մատուցանողը, հապա միայն կերակուրներով ու խմելիքներով
10 Եւ կերպ կերպ լուացումներով՝ մարմնական ծիսակատարութիւններ էին, որոնք մինչեւ ուղղութեան ատենը կը կենային։
11 Բայց երբ Քրիստոս եկաւ, գալու բարիքներուն Քահանայապետը, աւելի մեծ ու կատարեալ եւ անձեռագործ խորանով, այսինքն անով որ այս ստեղծուածներէն չէ,
12 Ո՛չ ալ նոխազներու ու զուարակներու արիւնով, հապա իր արիւնովը մէկ անգամ սրբարանը մտաւ՝ յաւիտենական փրկութիւն ստանալով։
13 Վասն զի եթէ ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը եւ երինջին մոխիրը սրսկուելով՝ պղծեալները կը սրբէր մարմնի մաքրութեան կողմանէ,
14 Ալ ո՜րչափ աւելի Քրիստոսին արիւնը, որ յաւիտենական Հոգիին ձեռքով իր անձը անարատ պատարագ մատուցանեց Աստուծոյ, պիտի սրբէ ձեր խղճմտանքը մեռած գործերէն՝ կենդանի Աստուածը պաշտելու։
15 Ասոր համար ինք նոր ուխտին միջնորդն է, որպէս զի իր մահը առաջին ուխտին ժամանակը գործուած յանցանքներուն քաւութեանը համար եղած ըլլալով, հրաւիրուածները յաւիտենական ժառանգութեան խոստումը առնեն։
16 Քանզի ուր կտակ մը կայ, հարկ է որ կտակ ընողը մեռնի։
17 Վասն զի կտակը մեռնելէն յետոյ հաստատ կ’ըլլայ. քանզի վաւերական չի սեպուիր այնքան ատեն որ կտակը ընողը ողջ է։
18 Անոր համար առաջին ուխտն ալ առանց արիւնի չէր հաստատուեր։
19 Վասն զի երբ Մովսէս օրէնքին բոլոր պատուէրները ժողովուրդին յայտնեց, ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը առնելով՝ ջուրով ու կարմիր բուրդով եւ զոպայով բուն գրքին եւ բոլոր ժողովուրդին վրայ սրսկեց
20 Եւ ըսաւ. «Ասիկա է այն ուխտին արիւնը, որ Աստուած ձեզի պատուիրեց»։
21 Եւ խորանին վրայ ու պաշտամունքի բոլոր գործիքներուն վրայ նոյնպէս սրսկեց արիւնը։
22 Գրեթէ ամէն բան արիւնով կը մաքրուի օրէնքին նայելով ու արիւն չթափուած թողութիւն չըլլար։
23 Ուստի հարկ էր որ երկնաւոր բաներուն օրինակները ասոնցմով մաքրուէին. ուրեմն բուն երկնաւորները՝ ասոնցմէ աւելի աղէկ զոհերով։
24 Քանզի Քրիստոս ո՛չ թէ ձեռագործ սրբարանը մտաւ, որ ճշմարտին օրինակն է, հապա բուն երկինքը՝ որպէս զի հիմա մեզի համար Աստուծոյ առջեւ ներկայանայ.
25 Ո՛չ թէ՝ որպէս զի շատ անգամ իր անձը պատարագ մատուցանէ, ինչպէս քահանայապետը՝ որ ամէն տարի սրբարանը կը մտնէ իրը չեղած արիւնով.
26 Ապա թէ ոչ՝ պէտք է ինք աշխարհի սկիզբէն ի վեր շատ անգամ չարչարուէր. բայց հիմա մէկ անգամ դարեր անցնելէ վերջը՝ իր անձին պատարագովը յայտնուեցաւ՝ մեղքը մէկդի ձգելու համար։
27 Եւ ինչպէս մարդոց սահմանուած է մէկ անգամ մեռնիլ ու անկէ ետքը դատաստան,
28 Նոյնպէս ալ Քրիստոս մէկ անգամ պատարագ մատուցուեցաւ՝ շատերուն մեղքերը վերցնելու համար, բայց երկրորդ անգամին առանց մեղքի պիտի յայտնուի փրկութեան համար անո՛նց՝ որոնք անոր կը սպասեն։