ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ
Գլուխ 5
Վասն զի ամէն քահանայապետ մարդոց մէջէն առնուած՝ մարդոց համար կը կենայ Աստուծմէ կանչուած, որպէս զի պատարագներ ու զոհեր մատուցանէ մեղքերու համար
2 Եւ կրնայ կարեկցիլ անոնց՝ որ տգէտ ու մոլորեալ են, վասն զի ինք ալ տկարութիւնով պաշարուած է
3 Եւ այս պատճառով պարտաւոր է ինչպէս ժողովուրդին համար՝ նոյնպէս իր անձին համար ալ մեղքի պատարագ մատուցանել։
4 Մէկը ինքնիրմէ այս պատիւը չառներ, հապա ան՝ որ Աստուծմէ կանչուած է, ինչպէս Ահարոն։
5 Նոյնպէս ալ Քրիստոս ո՛չ թէ իր անձը մեծարեց քահանայապետ ըլլալու, հապա անիկա՝ որ ըսաւ իրեն. «Դուն իմ Որդիս ես, ես այսօր քեզ ծնայ».
6 Ինչպէս ուրիշ տեղ մըն ալ կ’ըսէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս»։
7 Որ իր մարմնին օրերը սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց անոր որ կարող էր զինք մահուանէ ազատել ու լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով՝ ՝
8 Թէպէտ ինք Որդի է, բայց իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ։
9 Երբ կատարեալ եղաւ, բոլոր իրեն հնազանդողներուն յաւիտենական փրկութեան պատճառ եղաւ
10 Ու Աստուծմէ կոչուեցաւ Քահանայապետ Մելքիսեդեկի կարգին պէս։
11 Որուն վրայով շատ ըսելիք ունինք, որ դժուար է մեկնել, վասն զի ձեր լսելիքները բթացած են.
12 Վասն զի թէպէտ պէտք էր որ մինչեւ հիմա ուսուցիչ ըլլայիք ու ժամանակին նայելով սորվեցնէիք, բայց դուք ալ պէտք է սորվիք թէ՝ որո՞նք են Աստուծոյ պատգամներուն առաջին սկզբունքները։ Դուք կաթի կը կարօտիք, ո՛չ թէ հաստատուն կերակուրի։
13 Քանզի այն որ կաթնկեր է՝ արդարութեան խօսքին անհմուտ է, որովհետեւ տղայ է։
14 Բայց հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել։