ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13


Գլուխ 4

Ուրեմն վախնանք, որ չըլլայ թէ անոր հանգիստը մտնելու խոստումէն, որ մեզի մնացեր է, ձեզմէ մէկը զրկուի։
2 Վասն զի մենք ալ անոնց պէս աւետիս առած ենք. բայց անոնց շահ մը չըրաւ այն խօսքը լսելը, քանզի հաւատքով ընդունուած չէր լսողներէն։
3 Իսկ մենք որ հաւատացինք, հանգիստը պիտի մտնենք. ինչպէս ըսաւ. «Ուստի երդում ըրի իմ բարկութեանս մէջ թէ՝ Իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»։ Թէեւ իր գործերը աշխարհի սկիզբէն լրացած էին։
4 Վասն զի գիրքը այսպէս կ’ըսէ տեղ մը եօթներորդ օրուան համար. «Աստուած եօթներորդ օրը հանգչեցաւ իր բոլոր գործերէն»։
5 Ու հոս նորէն կ’ըսէ. «Իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»։
6 Ուստի ոմանք հոն պիտի մտնեն։ Բայց անոնք որ նախապէս աւետիսը առած էին, անհաւատութեան համար չմտան։
7 Նորէն օր մը կը սահմանէ ու կ’ըսէ. «Այսօր»ը Դաւիթին բերնով այնքան ժամանկէ յետոյ, ինչպէս ըսուեցաւ. «Այսօր, եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք, ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք»։
8 Վասն զի եթէ Յեսու հանգչեցուցած ըլլար զանոնք, ա՛լ անկէ ետքը ուրիշ օրուան համար չէր ըսուեր։
9 Ուրեմն Աստուծոյ ժողովուրդին դեռ հանգիստ մը կը մնայ։
10 Վասն զի ան որ անոր հանգիստը մտաւ, ա՛լ հանգչեցաւ իր գործերէն, ինչպէս Աստուած ալ իրեններէն։
11 Ուրեմն ջանանք այն հանգիստը մտնել, որ չըլլայ թէ մէկը նոյն անհաւատութեան մէջ իյնայ։
12 Վանս զի Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները։
13 Չկայ արարած մը որ անոր դէմ չերեւնայ, հապա ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ, որուն պիտի տրուի մեր հաշիւը։
14 Արդ՝ մենք որ մեծ Քահանայապետ մը ունինք երկինքը գացած, Յիսուսը՝ Աստուծոյ Որդին՝ ամուր բռնենք մեր դաւանութիւնը։
15 Քանզի ո՛չ թէ այնպիսի քահանայապետ մը ունինք՝ որ կարող չըլլայ մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ, հապա ինք ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման, բայց առանց մեղքի։
16 Ուստի ա՛լ համարձակութիւնով մօտենանք շնորհաց աթոռին, որպէս զի ողորմութիւն ընդունինք ու շնորհք գտնենք պէտք եղած ատեն մեզի օգնելու։