ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13


Գլուխ 2

Անոր համար պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք մեր լսած բաներուն, որ չըլլայ թէ պակսինք։
2 Վասն զի եթէ այն խօսքը որ հրեշտակներուն ձեռքով ըսուեցաւ, հաստատուն եղաւ եւ ամէն յանցանք ու անհնազանդութիւն արդար հատուցում առին,
3 Հապա մենք ի՞նչպէս պիտի ազատինք՝ եթէ անհոգ ըլլանք այնպիսի մեծ փրկութեան մը մասին, որ նախ Տէրոջմէն հռչակուեցաւ ու լսողներուն ձեռքով հաստատուեցաւ.
4 Աստուած ալ վկայեց նշաններով ու հրաշքներով եւ զանազան զօրութիւններով ու Սուրբ Հոգիին պարգեւներովը, ինչպէս ինք կամեցաւ։
5 Վասն զի ո՛չ թէ հրեշտակներուն հնազանդեցուց այն գալու աշխարհը, որուն վրայով մենք կը խօսինք.
6 Հապա մէկը տեղ մը վկայեց ու ըսաւ. «Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես կամ մարդու որդին՝ որ անոր այցելութիւն կ’ընես։
7 Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն. փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա եւ քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ կեցուցիր զանիկա,
8 Ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուցիր»։ Ուստի ամէնքը անոր հնազանդեցուց, անոր չհնազանդող բան չձգեց. բայց հիմա ամէնքը անոր հնազանդած չենք տեսներ։
9 Սակայն Յիսուսը փառքով ու պատուով պսակուած կը տեսնենք՝ որ հրեշտակներէն քիչ մը վար եղած էր մահուան չարչարանքին համար, որպէս զի Աստուծոյ շնորհքովը ամենուն համար մահ ճաշակէ։
10 Որովհետեւ կը վայլէ, որ Ան (որուն համար եւ որով եղան բոլոր բաները) շատ որդիներ փառքը մտնելու համար, իրենց փրկութեան առաջնորդը չարչարանքով կատարեալ ընէ։
11 Վասն զի ան որ կը սրբէ ու ան որ կը սրբուի, ամէնքն ալ մէկէ են. անոր համար ինք ամօթ չի սեպեր եղբայր կոչել զանոնք՝ ըսելով.
12 «Քու անունդ եղբայրներուս պիտի պատմեմ, ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ»։
13 Եւ դարձեալ՝ «Ես Աստուծոյ պիտի յուսամ» եւ դարձեալ՝ «Ահա ես ու այն զաւակները, որոնք Աստուած ինծի տուաւ»։
14 Որովհետեւ զաւակները մարմնին ու արիւնին հաղորդակցեցան, ինքն ալ անոնց բաժնեկից եղաւ, որպէս զի իր մահովը փճացնէ զանիկա որ մահուան իշխանութիւնը ունէր, այսինքն՝ Սատանան
15 Եւ ազատէ զանոնք որ մահուան վախովը միշտ ծառայութեան մէջ կ’ապրէին։
16 Քանզի բնաւ հրեշտակներուն չ’օգներ, հապա Աբրահամին սերունդին կ’օգնէ։
17 Անոր համար ան պէտք էր բոլորովին եղբայրներուն նմանէր, որպէս զի ինք ողորմած ըլլայ ու հաւատարիմ քահանայապետ՝ Աստուծոյ կողմանէ, ժողովուրդին մեղքերը քաւելու համար։
18 Քանզի ինչ բանով որ ինք չարչարուեցաւ փորձութիւն կրելով, կրնայ փորձուողներուն ալ օգնական ըլլալ։