ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13


Գլուխ 3

Սո՛ւրբ եղբայրներ, երկնային կոչումին մասնակիցներ, նայեցէ՛ք մեր դաւանութեանը Առաքեալին ու Քահանայապետին, Քրիստոս Յիսուսին,
2 Որ հաւատարիմ է Աստուծոյ, որ զինք դրաւ, ինչպէս Մովսէս ալ՝ անոր բոլոր տանը մէջ։
3 Վասն զի ինք Մովսէսէն այնչափ աւելի փառքի արժանացաւ, որչափ աւելի պատիւ կ’ունենայ տանը շինողը քան՝ տունը։
4 Քանզի ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է։
5 Եւ յիրաւի Մովսէս անոր բոլոր տանը մէջ հաւատարիմ էր ծառայի մը պէս՝ ըսուածներուն վկայ ըլլալու համար.
6 Բայց Քրիստոս՝ որդիի մը պէս իր տանը վրայ, որուն տունը մենք ենք, միայն թէ այն համարձակութիւնը եւ յոյսին պարծանքը մինչեւ վերջը հաստատ բռնենք։
7 Ուստի, ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Հոգին՝ «Այսօր եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք.
8 Ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք բարկացնելու ատենին պէս՝ անապատին մէջ փորձութեան օրը՝
9 Ուր ձեր հայրերը զիս փորձեցին, քննեցին զիս, թէպէտեւ քառասուն տարի իմ գործերս տեսան։
10 Անոր համար զզուեցայ այն ազգէն ու ըսի. ‘Միշտ մոլորեցան իրենց սրտով եւ իմ ճամբաներս չճանչցան անոնք’.
11 Ուստի երդում ըրի իմ բարկութեանս մէջ թէ՝ իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»։
12 Նայեցէ՛ք, ե՛ղբայրներ, չըլլայ որ ձեզմէ մէկուն ներսիդին անհաւատութեան չար սիրտ ըլլայ եւ ապստամբի կենդանի Աստուծոյ դէմ։
13 Հապա ամէն օր մէկզմէկ յորդորեցէ՛ք, քանի որ «Այսօր» կ’ըսուի, որ չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը խստանայ մեղքին խաբէութիւնովը։
14 Քանզի մենք Քրիստոսին մասնակից եղած ենք, միայն թէ այն հաստատութեան սկիզբը մինչեւ վերջը պինդ բռնենք.
15 Քանի որ կ’ըսուի. «Այսօր եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք, ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք բարկացնելու ատենին պէս»։
16 Քանզի ոմանք լսեցին ու բարկացուցին, բայց ոչ՝ ՝ ամէնքը, որ Եգիպտոսէն ելած էին Մովսէսին ձեռքով։
17 Որոնցմէ՞ զզուեցաւ այն քառասուն տարին. չէ՞ որ մեղանչողներէն, որոնց ոսկորները անապատին մէջ ինկան։
18 Եւ որո՞նց համար երդում ըրաւ իր հանգիստը չմտցնել, եթէ ոչ՝ անհաւատներուն համար։
19 Եւ իրաւամբ չկրցան մտնել՝ իրենց անհաւատութեանը պատճառով։