ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13


Գլուխ 7

Մելքիսեդեկը Սաղէմի թագաւորն էր, Բարձրեալն Աստուծոյ քահանան՝ որ Աբրահամը դիմաւորեց՝ երբ անիկա թագաւորներուն կոտորածէն կը դառնար ու օրհնեց զանիկա։
2 Աբրահամ ալ անոր տասանորդ տուաւ իր ստացուածքէն. որուն անունը նախ՝ Արդարութեան թագաւոր կը թարգմանուի, ետքը՝ Սաղէմի թագաւոր՝ որ է Խաղաղութեան թագաւոր,
3 Առանց հօր, առանց մօր, ազգահամար չունեցող, որուն ո՛չ օրերուն սկիզբը կայ, ո՛չ ալ կեանքին վախճանը եւ Աստուծոյ Որդիին նման ըլլալով, կը կենայ ու կը մնայ միշտ քահանայ։
4 Արդ՝ նայեցէ՛ք թէ որչա՜փ մեծ մէկն էր անիկա, որուն Աբրահամ նահապետն ալ տասանորդ տուաւ աւարէն։
5 Ղեւիին որդիներէն եղողները, որոնք քահանայութիւն կ’առնեն, պատուէր ունին որ ժողովուրդէն տասանորդ առնեն օրէնքին համեմատ, այսինքն իրենց եղբայրներէն. թէպէտեւ անոնք Աբրահամին երանքէն ելեր են.
6 Բայց անիկա, որուն ազգահամարը անոնցմէ չէր, Աբրահամէն տասանորդ առաւ ու օրհնեց զանիկա՝ որ խոստումներ առած էր։
7 Սակայն անհակառակելի բան մըն է, որ պզտիկը մեծէն կ’օրհնուի։
8 Հոս՝ մահկանացու մարդիկ տասանորդ կ’առնեն, բայց հոն՝ անիկա կ’առնէ, որուն համար վկայուած է թէ կենդանի է։
9 Կրնայ ըսուիլ թէ Ղեւին ալ, որ տասանորդ կ’առնէ, Աբրահամին ձեռքով տասանորդ տուաւ.
10 Վասն զի տակաւին իր հօրը երանքն էր, երբ Մելքիսեդեկ զանիկա դիմաւորեց։
11 Արդ՝ եթէ կատարելութիւնը Ղեւտացիներու քահանայութեան ձեռքով ըլլար, (որովհետեւ ժողովուրդը անոր ատենը օրէնքին տակ դրուեցաւ,) ալ ի՞նչ պէտք էր որ Մելքիսեդեկի կարգին պէս ուրիշ քահանայ մը ելլէ ու չըսուի Ահարոնի կարգին պէս։
12 Արդ՝ քահանայութիւնը փոխուելուն պէս՝ հարկ էր որ օրէնքն ալ փոփոխութիւն կրէր։
13 Եւ իրաւ եղաւ, վասն զի ան՝ որուն համար այսպէս կ’ըսուի, ուրիշ ցեղի կը պատկանէր եւ որմէ ոչ մէկը սեղանին մօտեցաւ.
14 Քանզի յայտնի է թէ Յուդայի ցեղէն յառաջ եկաւ մեր Տէրը։ Այդ ցեղին մասին Մովսէս բան մը չըսաւ քահանայութեան համար։
15 Ու ա՛լ աւելի յայտնի է որ փոխուեցաւ, քանի որ Մելքիսեդեկի նմանութիւնովը ուրիշ քահանայ մը ելաւ,
16 Որ ո՛չ թէ մարմնաւոր պատուէրին պէս եղաւ, հապա անվախճան կեանքին զօրութեանը պէս։
17 Վասն զի կը վկայէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս»։
18 Քանզի առաջին պատուէրը կը խափանուի իր տկարութեանը ու անշահեկանութեանը համար,
19 (Վասն զի օրէնքը բա՛ն մը կատարեալ չըրաւ,) եւ անոր տեղ բերուեցաւ լաւագոյն յոյս մը՝ որով Աստուծոյ կը մօտենանք։
20 Որքան որ Յիսուս ոչ թէ առանց երդումի քահանայ եղաւ, (վասն զի անոնք առանց երդումի քահանայ եղած են.
21 Բայց ասիկա երդումով՝ անոր ձեռքով որ իրեն ըսաւ. «Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ, Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս»,)
22 Այնքան աւելի աղէկ ուխտի մը երաշխաւոր եղաւ Յիսուս։
23 Շատ քահանաներ եղած են, քանի որ մահը արգելք եղած է, որ անոնք շարունակ քահանայ մնան։
24 Բայց ասիկա յաւիտենական ըլլալուն համար, իր քահանայութիւնը անանցանելի է։
25 Ուստի բոլորովին կարող ալ է ապրեցնելու զանոնք, որ իրմով Աստուծոյ կու գան. որովհետեւ ինք միշտ կենդանի է անոնց բարեխօս ըլլալու համար։
26 Վասն զի մեզի ճիշդ այսպիսի քահանայապետ մը կը վայլէր, սուրբ, անմեղ, անարատ, մեղաւորներէն զատուած ու երկնքէն վեր բարձրացած,
27 Որուն ամէն օր հարկաւոր չէ՝ ինչպէս միւս քահանայապետներուն՝ նախ իր մեղքերուն համար պատարագ մատուցանել ու ետքը ժողովուրդին մեղքերուն համար. վասն զի ինք մէկ անգամ ըրաւ ասիկա՝ իր անձը պատարագ մատուցանելով։
28 Վանս զի օրէնքը տկարութիւնով պաշարուած մարդիկը քահանայապետ կը կարգէ, բայց երդումին խօսքը՝ որ օրէնքէն յետոյ էր, Որդին՝ որ յաւիտեան կատարեալ է։