ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ
Գլուխ 10
Օրէնքը գալիք բարիքներուն շուքն է՛, ոչ թէ անոնց բուն կերպարանքը։ Ամէն տարի մատուցուած նոյն զոհերով երբեք չի կրնար կատարեալ ընել զանոնք, որ կը մօտենան։
2 Ապա թէ ոչ՝ պիտի չդադարէի՞ն մատուցուելէն, պաշտամունք մատուցանողներուն մէկ անգամ մաքրուելէն յետոյ ա՛լ մեղքի համար խղճի յանդիմանութիւն չէին ունենար։
3 Բայց անոնցմով ամէն տարի մեղքերու յիշատակութիւն կ’ըլլայ.
4 Վասն զի նոխազներուն ու ցուլերուն արիւնը չի կրնար մեղքերը ջնջել։
5 Անոր համար երբ աշխարհ եկաւ, ըսաւ. «Զոհ ու ընծայ չուզեցիր դուն, հապա ինծի մարմին մը պատրաստեցիր։
6 Ողջակէզներու ու մեղքի պատարագներու չհաւնեցար»։
7 Այն ատեն ըսի. «Ահա կու գամ ես (գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է,) քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած»։
8 Վերը ըսիր. «Զոհ ու ընծայ եւ ողջակէզներ ու մեղքի պատարագներ չուզեցիր ու անոնց չհաւնեցար, (որոնք օրէնքին համեմատ կը պատրաստուէին)»։
9 Ետքը կ’ըսէ. «Ահա կու գամ ես քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած»։ Առաջինը կը հերքէ, որպէս զի երկրորդը հաստատէ։
10 Անոր կամքով մենք ալ սրբուեցանք՝ Յիսուս Քրիստոսին մարմնին մէկ անգամ պատարագուելովը։
11 Ամէն քահանայ ամէն օր իր պաշտօնին մէջ կը կենայ եւ նոյն զոհերը շատ անգամ կը մատուցանէ, որոնք երբեք չեն կրնար մեղքերը ջնջել.
12 Բայց ասիկա մէկ զոհ մատուցանելով մեղքերու համար, մշտնջենապէս Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ
13 Եւ անկէ յետոյ կը սպասէ, մինչեւ իր թշնամիները իր ոտքերուն պատուանդան դրուին։
14 Վասն զի մէկ պատարագով մշտնջենապէս կատարեալ ըրաւ սրբուածները։
15 Սուրբ Հոգին ալ մեզի վկայութիւն կու տայ, քանզի առաջ ըսուածէն յետոյ.
16 «Այս է այն ուխտը՝ որ ես անոնց հետ պիտի ընեմ որ այն օրերէն յետոյ, (կ’ըսէ Տէրը,) իմ օրէնքներս անոնց սրտին մէջ պիտի դնեմ ու անոնց մտքին մէջ պիտի գրեմ զանոնք»։
17 Ետքը կ’ըսէ. «Անոնց մեղքերը եւ անոնց անօրէնութիւնները ա՛լ պիտի չյիշեմ»։
18 Ուստի երբ անոնց թողութիւն տրուեցաւ, ա՛լ մեղքի համար պատարագ պէտք չէ։
19 Ուրեմն, եղբա՛յրներ, համարձակութիւն ունինք սուրբ տեղը մտնելու Յիսուսին արիւնովը,
20 Այն նոր ու կենդանի ճամբովը՝ որ բացաւ մեզի վարագոյրին մէջէն, որ է իր մարմինը
21 Եւ մեծ քահանայ մը ունենալով Աստուծոյ տանը վրայ,
22 Մօտենանք ճշմարիտ սրտով, լեցուն հաւատքով սրտերնիս չար խիղճէն մաքրուած ու մարմիննիս մաքուր ջրով լուացուած.
23 Անխախտ պահենք յոյսին դաւանութիւնը, վասն զի հաւատարիմ է անիկա որ խոստացաւ։
24 Եւ իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով
25 Եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք։
26 Վասն զի եթէ ճշմարտութեան գիտութիւնը ընդունելէ յետոյ կամաւ մեղք գործելու ըլլանք, ա՛լ անկէ յետոյ մեղքերու համար ուրիշ զոհ չի մնար,
27 Հապա զարհուրելի սպասում մը դատաստանին ու կրակի բարկութիւն մը կը մնայ, որ պիտի լափէ հակառակորդները։
28 Մէկը եթէ Մովսէսին օրէնքը անարգէր, առանց ողորմութեան երկու կամ երեք վկաներով՝ կը մեռցուէր.
29 Ալ ո՜րչափ սաստիկ պատիժի արժանի պիտի սեպուի կը կարծէք անիկա, որ Աստուծոյ Որդին ոտքի տակ առաւ եւ ուխտին արիւնը անմաքուր սեպեց, որով ինք սրբուեցաւ եւ շնորհներու Հոգին նախատեց։
30 Քանզի կը ճանչնանք զանիկա որ ըսաւ. «Ի՛մս է վրէժխնդրութիւնը, ես պիտի հատուցանեմ», կ’ըսէ Տէրը եւ դարձեալ. «Տէ՛րը պիտի դատէ իր ժողովուրդը։
31 Սարսափելի բան է կենդանի Աստուծոյ ձեռքը իյնալը»։
32 Արդ՝ մտքերնիդ բերէք այն առաջին օրերը, որոնց մէջ լուսաւորուելէ յետոյ շատ սաստիկ չարչարանքներ կրեցիք.
33 Երբեմն նախատինքներով ու վիշտերով խայտառակուած, երբեմն ալ այնպիսի վիճակի մէջ եղողներուն միանալով։
34 Վասն զի իմ կապերուս մէջ ինծի՝ ՝ չարչարակից եղաք ու ձեր ստացուածքին կողոպտուիլը ուրախութեամբ ընդունեցիք, գիտնալով որ լաւագոյն եւ մնայուն ստացուածքներ ունիք ձեզի երկինքը։
35 Ուստի ձեզմէ մի՛ ձգէք ձեր վստահութիւնը, որ մեծ վարձքի հատուցում ունի։
36 Վասն զի պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէս զի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք.
37 «Քանզի քիչ մը ատենէն ան որ գալու է՝ պիտի գայ ու պիտի չուշանայ։
38 Եւ Արդարը հաւատքով պիտի ապրի ու եթէ մէկը ետ քաշուի, իմ հոգիս անոր պիտի չհաճի»։
39 Բայց մենք ետ չենք քաշուիր որ կորսուինք, հապա կը հաւատանք թէ մեր հոգին պիտի փրկուի։