ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ
Գլուխ 8
Այս ըսուած խօսքերուն բովանդակութիւնը այս է։ Այնպիսի քահանայապետ մը ունինք մենք՝ որ երկինքը Աստուծոյ մեծութեանը աթոռին աջ կողմը նստաւ.
2 Սրբարանին պաշտօնեայ, ճշմարիտ խորանին՝ որ Տէրը կանգնեց եւ ո՛չ թէ մարդը։
3 Քանզի ամէն քահանայապետ պատարագներ ու զոհեր մատուցանելու համար որոշուած է. ուստի հարկ է որ ասիկա ալ բան մը ունենայ մատուցանելու։
4 Որ եթէ երկրի վրայ ըլլար, քահանայ անգամ պիտի չըլլար, վասն զի կան քահանաներ՝ որոնք պատարագներ կը մատուցանեն օրէնքին համեմատ.
5 (Որոնք երկնային բաներուն նմանութիւնովը ու շուքովը կը ծառայեն, ինչպէս Մովսէսին հրամայուեցաւ, երբ խորանը պիտի շինէր. քանզի ըսաւ. «Նայէ որ լեռը քեզի ցուցուած օրինակին պէս շինես.»)
6 Բայց հիմա Յիսուս ա՛լ աւելի գերազանց պաշտօնի մը հասաւ, որչափ որ լաւագոյն խոստումներով հաստատուած լաւագոյն ուխտի մը միջնորդ է։
7 Վասն զի եթէ առաջինը անմեղադրելի ըլլար, ուստի երկրորդը պիտի չփնտռուէր։
8 Ուստի կը յանդիմանէ զանոնք ու կ’ըսէ. «Ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, երբ Իսրայէլի տանը հետ ու Յուդայի տանը հետ նոր ուխտ պիտի ընեմ.
9 Սակայն ո՛չ թէ այն ուխտին պէս՝ որ անոնց հայրերուն հետ ըրի, այն օրը երբ անոնց ձեռքէն բռնեցի զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար, վասն զի անոնք իմ ուխտիս մէջ չկեցան, ես ալ անհոգ եղայ անոնց վրայով», կ’ըսէ Տէրը։
10 «Քանզի այս է այն ուխտը՝ որ Իսրայէլի տանը հետ պիտի ընեմ այն օրերէն յետոյ, կ’ըսէ Տէրը. իմ օրէնքներս անոնց մտքին մէջ պիտի դնեմ եւ անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ զանոնք ու ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։
11 Ու բնաւ պիտի չսորվեցնէ ոեւէ մէկը իր ընկերին, կամ իր եղբօրը, ըսելով. «Տէրը ճանչցիր». քանզի անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը զիս պիտի ճանչնան.
12 Վասն զի ես անոնց անիրաւութիւններուն պիտի ներեմ եւ անոնց մեղքերն ու անօրէնութիւնները ա՛լ պիտի չյիշեմ»։
13 Նոր ուխտ ըսելով առաջինը հինցուց ու այն որ կը հիննայ եւ կը ծերանայ, ա՛լ կորուստի կը մօտենայ։