ԶԱՔԱՐԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14


Գլուխ 14

Ահա Տէրոջը օրը կու գայ Եւ քու աւարդ քու մէջդ պիտի բաժնուի.
2 Քանզի բոլոր ազգերը պատերազմի համար Երուսաղէմի վրայ պիտի հաւաքեմ։ Քաղաքը պիտի առնուի, Տուները պիտի կողոպտուին, Կիները պիտի պղծուին, Քաղաքին կէսը գերի պիտի տարուի, Բայց ժողովուրդին մնացորդը քաղաքէն պիտի չհեռանայ։
3 Տէրը պիտի ելլէ, Ապա այն ազգերուն հետ պիտի պատերազմի, Ինչպէս պատերազմին օրը պատերազմեցաւ։
4 Այն օրը անոր ոտքերը Ձիթենիներու լերանը վրայ պիտի կայնին, Որ Երուսաղէմին առջեւն է դէպի արեւելք։ Ձիթենիներու լեռը դէպի արեւելք ու դէպի արեւմուտք կէսէն պիտի պատռուի Ու խիստ մեծ ձոր մը պիտի կազմուի։ Լերանը կէսը՝ դէպի հիւսիս, Կէսը դէպի հարաւ պիտի քաշուի
5 Եւ դուք լեռներուն ձորը պիտի փախչիք, Քանզի լեռներուն ձորը մինչեւ Ասալ պիտի հասնի։ Պիտի փախչիք՝ ինչպէս գետնաշարժէն փախաք՝ Յուդայի թագաւոր Ոզիային օրերը։ Իմ Տէր Աստուածս պիտի գայ, Բոլոր սուրբերը քեզի հետ պիտի ըլլան։
6 Եւ այն օրը Լոյսը պայծառ կամ աղօտ պիտի չըլլայ։
7 Անիկա Տէրոջը յայտնի օր մը պիտի ըլլայ, Ո՛չ ցորեկ ու ո՛չ գիշեր պիտի ըլլայ, Սակայն երեկոյեան ժամանակը լոյս պիտի ըլլայ։
8 Այն օրը Երուսաղէմէն կենդանի ջուրեր պիտի հոսին, Կէսը՝ դէպի արեւելեան ծովը, Կէսը՝ դէպի արեւմտեան ծովը։ Ամառ ու ձմեռ այնպէս պիտի ըլլայ։
9 Տէրը բոլոր երկրի վրայ Թագաւոր պիտի ըլլայ, Այն օրը Տէրը՝ մէկ ու անոր անունը մէկ պիտի ըլլայ։
10 Բոլոր երկիրը դաշտ պիտի դառնայ Գաբաայէն մինչեւ Ռեմօն, Երուսաղէմի հարաւային կողմը։ Երուսաղէմը պիտի բարձրանայ ու իր տեղը պիտի մնայ՝ Բենիամինին դռնէն մինչեւ Առաջին դրանը տեղը, մինչեւ Անկեան դուռը, Անանայէլին աշտարակէն մինչեւ թագաւորին հնձանները։
11 Հոն պիտի բնակին ու հոն անգամ մըն ալ նզովք պիտի չըլլայ։ Երուսաղէմի մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակին։
12 Այս պիտի ըլլայ այն հարուածը, Որով Տէրը պիտի զարնէ այն բոլոր ժողովուրդները, Որոնք Երուսաղէմին դէմ պատերազմեցան։ Ոտքի վրայ կայնած ատեննին անոնց մարմինը պիտի հալի, Անոնց աչքերը իրենց խորշերուն մէջ պիտի հալին, Անոնց լեզուն անոնց բերնին մէջ պիտի հալի։
13 Այն օրը անոնց մէջ Մեծ խռովութիւն պիտի ըլլայ Տէրոջմէն։ Ամէն մէկը իր ընկերին ձեռքը պիտի բռնէ Ու անոր ձեռքը իր ընկերին ձեռքին դէմ պիտի վերցուի։
14 Յուդան ալ Երուսաղէմի մէջ պիտի պատերազմի Ու բոլոր շրջակայ ազգերուն ստացուածքը, Ոսկի ու արծաթ ու հանդերձներ, մեծ առատութեամբ հոն պիտի հաւաքուին։
15 Ձիուն, ջորիին, ուղտին ու իշուն Եւ այն բանակներուն մէջի բոլոր անասուններուն աղէտը Նոյն աղէտին պէս պիտի ըլլայ։
16 Երուսաղէմի վրայ եկած բոլոր ազգերուն մնացորդները Ամէն տարի Թագաւորին, զօրքերու Տէրոջը, երկրպագութիւն ընելու Եւ տաղաւարահարներու տօնը կատարելու պիտի գան։
17 Երկրի ազգատոհմերէն ով որ Երուսաղէմ չելլէ Թագաւորին, զօրքերու Տէրոջը, երկրպագութիւն ընելու, Անոր վրայ պիտի անձրեւէ։
18 Եթէ Եգիպտացիներու ազգատոհմը չելլէ ու չգայ (Որոնք անձրեւ չունին), Անոնց վրայ պիտի ըլլայ այն հարուածը, Որով Տէրը պիտի զարնէ այն ազգերը, Որոնք տաղաւարահարներու տօնը կատարելու չեն ելլեր։
19 Ասիկա պիտի ըլլայ Եգիպտոսի պատիժը Եւ տաղաւարահարներու տօնը կատարելու չելլող բոլոր ազգերուն պատիժը։
20 Այն օրը ձիերուն սանձի զարդերուն վրայ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ պիտի գրուի։ Տէրոջը տանը կաթսաները Սեղանին առջեւի կոնքերուն պէս պիտի ըլլան։
21 Երուսաղէմի մէջ եւ Յուդայի մէջ ամէն կաթսայ Զօրքերու Տէրոջը սուրբ պիտի ըլլայ։ Բոլոր զոհ ընողները պիտի գան, Անոնցմէ պիտի առնեն ու անոնց մէջ պիտի եփեն։ Այն օրը անգամ մըն ալ զօրքերու Տէրոջը տանը մէջ Քանանացի պիտի չըլլայ։