ԶԱՔԱՐԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14


Գլուխ 8

Դարձեալ զօրքերու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Սիօնի համար խիստ նախանձախնդիր եղայ ու անոր համար մեծ սրտմտութիւնով նախանձեցայ’։
3 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Սիօնին պիտի դառնամ ու Երուսաղէմի մէջ պիտի բնակիմ ու Երուսաղէմ՝ Ճշմարտութեան քաղաք եւ զօրքերու Տէրոջը լեռը Սուրբ պիտի կոչուի’։
4 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Երուսաղէմի հրապարակներուն մէջ տակաւին ծեր մարդիկ ու պառաւ կիներ պիտի նստին, որոնց ամէն մէկուն ձեռքը գաւազան մը պիտի ըլլայ, քանի որ ծերացած են։
5 Քաղաքին հրապարակները տղաքներով ու աղջիկներով պիտի լեցուին, որոնք անոր հրապարակներուն մէջ պիտի խաղան’։
6 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ այն օրերը այս ժողովուրդին մնացորդին աչքերուն ասիկա դժուար երեւնայ, միթէ իմ աչքերո՞ւս ալ դժուար պիտի երեւնայ’։
7 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա իմ ժողովուրդս արեւելեան երկրէն ու արեւմտեան երկրէն պիտի փրկեմ
8 Եւ զանոնք պիտի բերեմ, որ Երուսաղէմի մէջ բնակին։ Անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ’։
9 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր ձեռքերը թող ուժովնան, ո՛վ դուք, որ այս օրերս կը լսէք այս խօսքերը այն մարգարէներուն բերնէն, որոնք զօրքերու Տէրոջը տանը հիմնարկութեան ու տաճարին նորոգութեան օրը խօսեցան։
10 Քանզի այն օրերէն առաջ մարդու համար վարձք չկար ու անասունի համար վարձք չկար եւ նեղութեան պատճառով՝ ելլողին ու մտնողին խաղաղութիւն չկար, քանզի ես ամէն մարդ իր ընկերին դէմ ոտքի հաներ էի։
11 Բայց հիմա այս ժողովուրդին մնացորդին՝ առաջուան օրերուն պէս պիտի չըլլամ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
12 Քանզի խաղաղութիւն պիտի սերմանուի, որթատունկը իր պտուղը պիտի տայ ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ ու երկինք իր ցօղը պիտի տայ եւ այս մէն բաները այս ժողովուրդին մնացորդին ժառանգել պիտի տամ։
13 Ու ինչպէս դուք ազգերու մէջ անէծք եղաք, ո՛վ Յուդայի տուն ու Իսրայէլի տուն, այնպէս ձեզ պիտի ազատեմ ու օրհնութիւն պիտի ըլլաք։ Մի՛ վախնաք, ձեր ձեռքերը թող ուժովնան’։
14 Քանզի զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինչպէս ձեզի չարիք ընելու դիտաւորութիւն ունեցայ, երբ ձեր հայրերը զիս սրդողցուցին ու չզղջացի,
15 Այնպէս դարձայ ու այս օրերը Երուսաղէմի ու Յուդայի տանը բարիք ընելու դիտաւորութիւն ունեցայ։ Մի՛ վախնաք։
16 Ձեր ընելիքները ասոնք են՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէ՛ք ամէն մէկդ իր ընկերին հետ, ձեր դռներուն մէջ արդարութեամբ եւ խաղաղութեամբ դատաստան տեսէք
17 Ու ձեզմէ մէկը իր սրտին մէջ իր ընկերին համար չարութիւն թող չմտածէ եւ սուտ երդումը մի՛ սիրէք. վասն զի ես այս բոլոր բաները կ’ատեմ’», կ’ըսէ Տէրը։
18 Դարձեալ զօրքերու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով.
19 «Չորրորդ ամսուան ծոմն ու հինգերորդին՝ ծոմը ու եօթներորդին՝ ծոմը եւ տասներորդին ծոմը Յուդայի տանը ցնծութիւն եւ ուրախութիւն ու խնդալից տօներ պիտի ըլլան. ուստի ճշմարտութիւնն ու խաղաղութիւնը սիրեցէք»։
20 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Նորէն ժողովուրդներ ու շատ քաղաքներու բնակիչներ պիտի գան։
21 Մէկուն բնակիչները միւսին պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք Տէրոջը առջեւ աղօթք ընելու եւ զօրքերու Տէրը փնտռելու երթանք’։ Ես ալ պիտի երթամ։
22 Ու շատ ժողովուրդներ եւ զօրաւոր ազգեր Երուսաղէմի մէջ զօրքերու Տէրը փնտռելու ու Տէրոջը առջեւ աղօթք ընելու պիտի գան’»։
23 Զօրքերու Տէրը ահսպէս կ’ըսէ. «Այն օրերը ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’»։