ԶԱՔԱՐԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14


Գլուխ 4

Ինծի հետ խօսող հրեշտակը դարձաւ եւ զիս իր քունէն արթնցնող մարդու պէս արթնցուց։
2 Ու ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Ու ըսի. «Կը տեսնեմ զուտ ոսկիէ աշտանակ մը։ Անոր վրայ բաժակ մը, որուն վրայ՝ եօթը ճրագ։ Անոր վրայի եօթը ճրագներուն համար եօթը խողովակ կայ։
3 Անոր քով երկու ձիթենի կայ, մէկը բաժակին աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը»։
4 Եւ ինծի հետ խօսող հրեշտակին հարցուցի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ տէր իմ»։
5 Ինծի հետ խօսող հրեշտակը պատասխան տուաւ ու ինծի ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը չե՞ս գիտեր»։ Ես ըսի. «Ո՛չ, ով տէր իմ»։
6 Եւ ան ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. «Այս է Տէրոջը խօսքը, որ Զօրաբաբէլին կ’ըսուի. ‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, Հապա իմ Հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
7 ‘Դո՛ւն, ո՛վ մեծ լեռ, ո՞վ ես։ Զօրաբաբէլին առջեւ դաշտ պիտի ըլլաս։ Գլխաւոր քարը ինք պիտի հանէ՛։ Ու պիտի աղաղակեն. ‘Շնո՜րհք, շնո՜րհք անոր’։
8 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
9 «Զօրաբաբէլին ձեռքերը հիմնեցին այս տունը, Անոր ձեռքերը պիտի լրացնեն զանիկա, Որպէս զի գիտնաս թէ զօրքերու Տէրը զիս քեզի ղրկած է.
10 Քանզի ո՞վ պզտիկ բաներուն օրը անարգեց։ Մարդիկ պիտի ուրախանան երբ տեսնեն կապարալարը Զօրաբաբէլին ձեռքին մէջ։ Այս եօթը Տէրոջը աչքերն են, որոնք բոլոր երկրի մէջ կը պտըտին»։
11 Անոր հարցուցի. «Աշտանակին աջ կողմը ու անոր ձախ կողմը եղող այս երկու ձիթենիները ի՞նչ են»։
12 Երկրորդ անգամ հարցուցի. «Երկու ոսկի խողովակներուն միջոցով իւղը իրենցմէ ոսկիի պէս թափող երկու ձիթենիի ոստերը ի՞նչ են»։
13 Ինծի պատասխանեց ու ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը չե՞ս գիտեր»։ Ես ըսի. «Ո՛չ, ո՛վ տէր իմ»։
14 Ըսաւ. «Ասոնք երկու օծեալներն են, որոնք բոլոր երկրի Տէրոջը առջեւ կը կայնին»։