ԶԱՔԱՐԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14


Գլուխ 2

Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ տեսայ մարդ մը, որուն ձեռքին մէջ չափելու չուան մը կար։
2 Անոր ըսի. «Դուն ո՞ւր կ’երթաս»։ Ան ինծի ըսաւ. «Երուսաղէմը չափելու, որպէս զի լայնութիւնը՝ որչափ ու երկայնութիւնը որչափ ըլլալը ճշդեմ»։
3 Ահա ինծի հետ խօսող հրեշտակը եկաւ, որուն դէմը ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ
4 Ու առաջինին ըսաւ. «Վազէ՛, այս երիտասարդին ըսէ՛. ‘Երուսաղէմ առանց պարիսպի պիտի բնակուի Մարդու եւ անասունի բազմութեանը պատճառով։
5 Ես անոր բոլորտիքը հրեղէն պարիսպ պիտի ըլլամ, կ’ըսէ Տէրը Ու անոր մէջ իր փառքը պիտի ըլլամ’»։
6 «Աղէ՜, աղէ՜, հիւսիսի երկրէն փախէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը, Քանզի ձեզ երկնքի չորս հովերուն պէս ցրուեցի»։
7 «Աղէ՜, քեզ ազատէ՛, ո՛վ Սիօն, Որ Բաբելոնի աղջկան հետ կը բնակիս»։
8 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իր փառքին ետեւէն զիս ղրկեց ձեզ կողոպտող ազգերուն, Քանզի ձեզի դպչողը անոր աչքին բիբին կը դպչի։
9 «Ուստի ես իմ ձեռքս անոնց վրայ պիտի շարժեմ Ու անոնք իրենց ծառաներէն պիտի կողոպտուին Ու պիտի գիտնաք թէ զօրքերու Տէրը զիս ղրկեր է»։
10 «Ցնծա՛ եւ ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, Քանզի ահա ես կու գամ Ու քու մէջդ պիտի բնակիմ», կ’ըսէ Տէրը։
11 «Այն օրը շատ ազգեր Տէրոջը պիտի յարին Ու ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։ Ես քու մէջդ պիտի բնակիմ Ու պիտի գիտնաս թէ զօրքերու Տէրը զիս քեզի ղրկեր է։
12 Տէրը, սուրբ երկրին մէջ Որպէս իր բաժինը Յուդան պիտի ժառանգէ Ու նորէն Երուսաղէմը պիտի ընտրէ»։
13 Տէրոջը առջեւ լո՛ւռ կեցիր, ո՛վ մարմին, Քանզի անիկա իր սուրբ բնակութենէն արթնցաւ։