ԶԱՔԱՐԵԱՅ
Գլուխ 9
Հադրաքի երկրին դէմ Տէրոջը պատգամը. Դամասկոսի վրայ պիտի հանգչի (Քանզի Տէրոջը աչքը մարդու Եւ Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն կը նայի).
2 Եմաթ ալ անոր սահմանակից է, Նաեւ Տիւրոս ու Սիդոն՝ թէեւ շատ իմաստուն են։
3 Տիւրոս իրեն ամրոց շինեց Ու արծաթը՝ հողի պէս, Զուտ ոսկին փողոցներու ցեխի պէս դիզեց։
4 Տէրը զանիկա պիտի քշէ Եւ անոր ունեցած զօրութիւնը ծովուն մէջ պիտի նետէ Ու անիկա կրակով պիտի սպառի։
5 Ասկաղոնը պիտի տեսնէ ու պիտի վախնայ, Գազան ալ՝ մեծապէս պիտի տագնապի, Ակկարոնն ալ՝ քանզի իր յոյսը պարապ պիտի ելլէ՝ ՝ Եւ Գազայէն թագաւորը պիտի կորսուի, Ասկաղոնի մէջ բնակող պիտի չըլլայ,
6 Իսկ Ազովտոսի մէջ օտարազգի պիտի բնակի։ Փղշտացիներու հպարտութիւնը պիտի ջնջեմ.
7 Անոնց արիւնը՝ իրենց բերնէն Եւ անոնց պղծութիւնները իրենց ակռաներուն մէջէն պիտի վերցնեմ Ու մնացորդը՝ անիկա ալ մեր Աստուծոյն պիտի ըլլայ։ Յուդայի մէջ՝ հազարապետի պէս, Ակկարոն Յեբուսացիի պէս պիտի ըլլայ։
8 Անցնող ու դարձող զօրքին պատճառով Իմ տանս բոլորտիքը պիտի բնակիմ, Ա՛լ անոնց մէջէն բռնաւոր պիտի չանցնի, Քանզի հիմա իմ աչքերովս տեսայ։
9 Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, Ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ. Ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ. Անիկա արդար ու փրկիչ է, Հեզ է ու իշու վրայ հեծած Եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ։
10 Ու Եփրեմէն՝ կառքը Եւ Երուսաղէմէն ձին պիտի ջնջեմ։ Պատերազմին աղողը պիտի կոտրի։ Անիկա ազգերուն խաղաղութիւն պիտի քարոզէ, Անոր իշխանութիւնը՝ ծովէ ծով, Գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի ըլլայ։
11 Քեզի այս ըրի՝ քու ուխտիդ արիւնովը Քու գերիներդ ջուր չունեցող գուբէն հանեցի։
12 Ամրոցը դարձէ՛ք, ո՛վ յուսոյ գերիներ, Ես այսօր ալ կը ծանուցանեմ, Թէ քեզի կրկնապատիկ հատուցում պիտի ընեմ,
13 Վասն զի Յուդան ինծի համար աղեղի պէս պիտի լարեմ Ու Եփրեմը նետի պէս պիտի դնեմ՝ ՝ Եւ քու որդիներդ, ո՛վ Սիօն, Յոյներու որդիներուն վրայ պիտի բարձրացնեմ. Քեզ զօրաւորին սուրին պէս պիտի ընեմ։
14 Տէրը անոնց վրայ պիտի երեւնայ, Անոր նետը փայլակի պէս պիտի ելլէ։ Տէր Եհովան փող պիտի հնչեցնէ Ու հարաւային մրրիկներով պիտի քալէ։
15 Զօրքերու Տէրը զանոնք պիտի պաշտպանէ Եւ անոնք բնաջինջ պիտի ընեն Ու պարսաքարերու վրայ՝ ՝ պիտի կոխեն Եւ պիտի խմեն ու գինովի պէս պիտի աղաղակեն Ու անոնք տաշտի պէս, Սեղանին անկիւններուն պէս պիտի լեցուին։
16 Այն օրը անոնց Տէր Աստուածը Զանոնք իր ժողովուրդին հօտին պէս պիտի փրկէ, Քանզի անոր երկրին վրայ թագի քարերու պէս պիտի փայլին։
17 Անոր բարութիւնն ու գեղեցկութիւնը որքա՜ն մեծ է. Ցորենը՝ երիտասարդները ու քաղցուն կոյսերը պիտի ծաղկեցնէ։