ԶԱՔԱՐԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14


Գլուխ 6

Դարձայ ու աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ երկու լեռներու մէջէն չորս կառք կ’ելլէին։ Լեռները պղնձէ էին։
2 Առաջին կառքին աշխէտ ձիեր լծուած էին, երկրորդ կառքին՝ սեւ ձիեր,
3 Երրորդ կառքին՝ ճերմակ ձիեր եւ չորրորդ կառքին՝ պիսակ ու գորշագոյն ձիեր։
4 Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ տէր իմ»։
5 Հրեշտակը պատասխան տուաւ ու ինծի ըսաւ. «Ասոնք երկնքի չորս հովերուն հոգիներն են, որոնք բոլոր երկրի Տէրոջը առջեւ կայնելէն կու գան։
6 Սեւ ձիերը, որ այս կառքին լծուած են, հիւսիսի երկիրը կ’ելլեն։ Ճերմակները դէպի արեւմուտք կ’ելլեն ու պիսակները դէպի հարաւային երկիրը կ’ելլեն»։
7 Երբ երիվարները եկան, անհամբերութեամբ կ’ուզէին երթալ եւ երկրի վրայ պտըտիլ։ Անիկա ըսաւ. «Գացէ՛ք, երկրի վրայ պտըտեցէ՛ք»։ Անոնք երկրի վրայ պտըտեցան։
8 Անիկա ինծի աղաղակեց. «Նայէ՛, հիւսիսի երկիրը ելլողները իմ հոգիս հիւսիսային երկրին մէջ հանգչեցուցին»։
9 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Գերութենէ դարձողներէն,
10 Հեղդայէն, Տուբիայէն ու Յեդայիայէն ա՛ռ ու նոյն օրը գնա՛ Բաբելոնէն եկող Սոփոնիայի որդիին Յովսիային տունը մտիր։
11 Արծաթ ու ոսկի առ ու պսակներ շինէ ու մեծ քահանային Յովսեդեկեան Յեսուին գլուխը դի՛ր
12 Եւ անոր ըսէ՛. Զօրքերու Տէրը կը խօսի ու այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա այն մարդը, որուն անունը Շառաւիղ է. Անիկա իր տեղին մէջ պիտի բուսնի Ու Տէրոջը տաճարը պիտի շինէ։
13 Անիկա պիտի շինէ Տէրոջը տաճարը Ու պատիւ պիտի ունենայ Եւ իր աթոռին վրայ նստելով՝ պիտի կառավարէ Ու քահանայ պիտի ըլլայ իր աթոռին վրայ Ու երկուքին մէջտեղ խաղաղութեան խորհուրդ պիտի ըլլայ’»։
14 «Եւ պսակները Հելէմին, Տուբիային ու Յեդայիային եւ Սոփոնիայի որդիին Հենին պիտի ըլլան՝ Տէրոջը տաճարին մէջ յիշատակ ըլլալու համար։
15 Եւ հեռուն եղողները պիտի գան ու Տէրոջը տաճարը պիտի շինեն եւ պիտի գիտնաք թէ զօրքերու Տէրը զիս ձեզի ղրկեր է։ Ասիկա պիտի ըլլայ՝ եթէ ուշադրութեամբ ձեր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ ընէք»։