ԶԱՔԱՐԵԱՅ
Գլուխ 12
Իսրայէլի վրայով Տէրոջը պատգամը։ Երկինքը տարածող ու երկրին հիմը դնող Ու մարդուն հոգին անոր մէջ ստեղծող Տէրը կ’ըսէ.
2 «Ահա ես Երուսաղէմը բոլոր շրջակայ ազգերուն Թմրութեան բաժակ պիտի ընեմ. Նաեւ Յուդայի վրայ ալ պիտի ըլլայ՝ Երուսաղէմի պաշարման ատենը։
3 Այն օրը Երուսաղէմը Բոլոր ժողովուրդներուն ծանր քար պիտի ընեմ. Ամէն անոնք որ անով կը բեռնաւորուին՝ բոլորովին պիտի կոտրին Եւ երկրի բոլոր ազգերը անոր վրայ պիտի հաւաքուին։
4 Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Ամէն ձի սոսկումով պիտի զարնեմ Ու անոր հեծեալը՝ ապշութեամբ։ Յուդային տանը վրայ աչքերս պիտի բանամ, Ժողովուրդներուն բոլոր ձիերը կուրութեամբ պիտի զարնեմ։
5 Յուդային հազարապետները իրենց սրտին մէջ պիտի ըսեն. ‘Երուսաղէմի բնակիչները մեր զօրութիւնն՝ ՝ են Զօրքերու Տէրոջմով, իրենց Աստուծմով’։
6 «Այն օրը Յուդային հազարապետները Կրակի վառարանի պէս պիտի ընեմ՝ փայտերու մէջ Ու կրակի ջահի պէս՝ որաներու մէջ։ Անոնք աջ կողմէն ու ձախ կողմէն Բոլոր շրջակայ ժողովուրդները պիտի ուտեն, Բայց Երուսաղէմ դարձեալ իր տեղը պիտի մնայ։ Երուսաղէմի մէջ բնակիչներ պիտի ըլլան։
7 Տէրը Յուդային վրանները պիտի փրկէ, Որպէս զի Դաւիթին տանը փառքը Ու Երուսաղէմին բնակիչներուն փառքը Յուդայի վրայ չյոխորտան։
8 Այն օրը Տէրը Երուսաղէմին բնակիչներուն պաշտպանութիւն պիտի ընէ. Անոնց մէջ տկար եղողը այն օրը Դաւիթին պէս պիտի ըլլայ, Դաւիթին տունը՝ Աստուծոյ պէս, Տէրոջը հրեշտակին պէս, պիտի ըլլայ անոնց առջեւ։
9 Այն օրը Երուսաղէմի վրայ եկող բոլոր ազգերը Բնաջինջ ընելու ետեւէ պիտի ըլլամ։
10 Դաւիթին տանը վրայ Եւ Երուսաղէմին բնակիչներուն վրայ Շնորհքի եւ աղօթքի հոգին պիտի թափեմ, Եւ անոնք զիրենք խոցողին պիտի նային։ Անոր վրայ մէկ հատիկ զաւակի վրայ ողբալու պէս պիտի ողբան, Անոր վրայ անդրանիկ զաւակի վրայ ցաւելու պէս պիտի ցաւին։
11 Այն օրը Երուսաղէմի մէջ մեծ ողբ պիտի ըլլայ Մակեդդովի դաշտին մէջ Ադադ-Ռեմօնի ողբին պէս։
12 Երկիրը պիտի ողբայ, Ամէն ազգատոհմ՝ առանձին. Դաւիթին տանը ազգատոհմը՝ առանձին, Անոնց կիները առանձին, Նաթանին տանը ազգատոհմը առանձին, Անոնց կիները առանձին,
13 Ղեւիին տանը ազգատոհմը առանձին, Անոնց կիները առանձին, Սէմէիին ազգատոհմը առանձին, Անոնց կիները առանձին,
14 Բոլոր մնացած ազգատոհմերէն ամէն մէկը առանձին, Անոնց կիները առանձին»։