ՄԱՂԱՔԵԱՅ

1 2 3 4


Գլուխ 1

Մաղաքիային միջոցով Իսրայէլին եղած Տէրոջը պատգամը.
2 «Ես ձեզ սիրեցի», կ’ըսէ Տէրը Ու դուք՝ «Մեզ ինչո՞վ սիրեցիր», կ’ըսէք։ «Միթէ Եսաւը Յակոբին եղբայրը չէ՞ր», կ’ըսէ Տէրը։ Ես Յակոբը սիրեցի,
3 Բայց Եսաւը ատեցի։ Անոր լեռները ամայութեան Ու անոր ժառանգութիւնը անապատի բնակութեան դարձուցի՝ ՝։
4 Եթէ Եդովմ ըսէ՝ ‘Թէեւ կործանեցանք, Բայց պիտի դառնան ու աւերակները շինենք’, Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անոնք պիտի շինեն, բայց ես պիտի փլցնեմ. Անոնք պիտի կոչուին Անօրէնութեան Սահման, Ժողովուրդ՝ որու դէմ Տէրը յաւիտեան բարկացեր է»։
5 «Ձեր աչքերը պիտի տեսնեն ու պիտի ըսէք՝ ‘Տէրը Իսրայէլի սահմանէն անդին՝ ՝ թող փառաւորուի’»։
6 «Տղան՝ իր հօրը, Ծառան՝ իր տիրոջը պատիւ կ’ընէ։ ‘Եթէ ես հայր եմ, իմ պատիւս ո՞ւր է, Եթէ տէր եմ, իմ վախս ո՞ւր է’, Կ’ըսէ ձեզի զօրքերու Տէրը, Ո՛վ քահանաներ, որ իմ անունս կ’անարգէք Եւ դուք կ’ըսէք. ‘Քու անունդ ի՞նչ բանով անարգեցինք’։
7 Իմ սեղանիս վրայ պիղծ հաց կը մատուցանէք Ու կ’ըսէք. ‘Քեզ ինչո՞վ պղծեցինք’։ Տէրոջը սեղանը անարգ է ըսելով։
8 Երբ կոյրը զոհի համար կը մատուցանէք, գէշ չէ՞. Երբ կաղը կամ հիւանդը կը մատուցանէք, գէշ չէ՞. ‘Աղէ՜, եթէ զանիկա քու իշխանիդ ընծայես, Միթէ քեզի պիտի հաճի՞, Կամ քեզ սիրով՝ ՝ պիտի ընդունի՞’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
9 Հիմա Աստուծոյ աղաչեցէ՛ք, Որպէս զի ձեզի ողորմութիւն ընէ։ Ասիկա ձեր ձեռքով եղաւ։ ‘Միթէ ձեզ սիրով պիտի ընդունի՞’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
10 Ձեր մէջ դռները ձրի գոցող ո՞վ կայ։ Իմ սեղանիս կրակն ալ ձրի չէք վառեր։ ‘Ձեզի չեմ հաճիր, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը Ու ձեր ձեռքէն ընծայ չեմ ընդունիր։
11 Քանզի արեւուն ծագած տեղէն մինչեւ անոր մարը մտած տեղը, Ազգերուն մէջ իմ անունս մեծ պիտի ըլլայ։ Ամէն տեղ իմ անուանս Խունկ ու սուրբ ընծայ պիտի մատուցանուի, Քանզի իմ անունս ազգերուն մէջ մեծ պիտի ըլլայ’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
12 Բայց դուք զանիկա կը պղծէք, Ըսելով. ‘Տէրոջը սեղանը պիղծ է Ու անոր բերքը, այսինքն կերակուրը, անարգ’։
13 Նաեւ կ’ըսէք. ‘Այս ի՜նչ աշխատութիւն է Ու անոր վրայ կը փչէք’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը Եւ յափշտակուածն ու կաղը եւ հիւանդը Որպէս ընծայ բերիք։ ‘Միթէ զանոնք պիտի ընդունի՞մ, կ’ըսէ Տէրը։
14 Բայց անիծեալ ըլլայ այն խաբեբայ մարդը, Որ իր հօտին մէջ որձ ունենալով՝ ուխտ կ’ընէ, Բայց արատաւորը Տէրոջը կը մատուցանէ. Քանզի ես մեծ Թագաւոր եմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը Ու իմ անունս ազգերու մէջ ահարկու է’»։