ՄԱՂԱՔԵԱՅ

1 2 3 4


Գլուխ 4

«Քանզի ահա փուռի պէս վառուած օրը կու գայ, Երբ բոլոր հպարտները եւ բոլոր ամբարշտութիւն ընողները Յարդի պէս պիտի ըլլան Ու եկած օրը զանոնք պիտի այրէ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Այնպէս որ անոնց արմատ կամ ոստ պիտի չթողու։
2 Բայց ձեզի՝ իմ անունէս վախցողներուդ՝ Արդարութեան արեգակը պիտի ծագի։ Անոր թեւերուն վրայ բժշկութիւն պիտի ըլլայ Ու դուք գոմի պարարտ հորթերու պէս Դուրս պիտի ելէք ու պիտի ցատկէք։
3 Ամբարիշտները պիտի կոխկռտէք, Վասն զի իմ գործ տեսնելու օրս Անոնք ձեր ոտքերուն թաթերուն տակ Մոխիր պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
4 «Յիշեցէ՛ք իմ ծառայիս Մովսէսին օրէնքը, Այսինքն այն կանոններն ու պատուիրանները, Որոնք անոր տուի Քորեբի մէջ բոլոր Իսրայէլին համար։
5 Ահա ես Եղիա մարգարէն ձեզի պիտի ղրկեմ Դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած։
6 Անիկա հայրերուն սիրտը՝ որդիներուն Ու որդիներուն սիրտը հայրերուն պիտի դարձնէ, Որ չըլլայ թէ ես գամ ու երկիրը անէծքով զարնեմ։