ՄԱՂԱՔԵԱՅ

1 2 3 4


Գլուխ 3

«Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ, Որ իմ առջեւս ճամբայ պատրաստէ։ Ձեր փնտռած Տէրը, այսինքն ուխտին հրեշտակը, որու կը հաւնիք, Յանկարծ իր տաճարը պիտի գայ։ Ահա կու գայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
2 Անոր գալուստին օրը ո՞վ կրնայ դիմանալ։ Անոր երեւնալուն ատենը ո՞վ կրնայ կայնիլ. Քանզի անիկա հալեցնողին՝ կրակին պէս Ու թափիչներուն օճառին պէս պիտի ըլլայ։
3 Անիկա արծաթ հալեցնողի ու մաքրողի պէս պիտի նստի։ Ղեւիին որդիները պիտի մաքրէ, Զանոնք ոսկիի պէս ու արծաթի պէս պիտի զտէ։ Անոնք արդարութեամբ Տէրոջը ընծայ պիտի մատուցանեն.
4 Յուդային ու Երուսաղէմին ընծան Հին օրերուն պէս ու առաջին տարիներուն պէս Տէրոջը ընդունելի պիտի ըլլայ։
5 Դատաստանի համար ձեզի պիտի մօտենամ, Կախարդներուն ու շնացողներուն Սուտ երդում ընողներուն, Վարձկանին իր վարձքին վրայով, Որբեւարիին ու որբին զրկանք ընողներուն, Պանդուխտին իրաւունքը խոտորցնողներուն, Ինծմէ չվախցողներուն դէմ արագ վկայ պիտի ըլլամ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
6 «Քանզի ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր, Անոր համար դո՛ւք, ո՛վ Յակոբի որդիներ, չսպառեցաք։
7 Ձեր հայրերուն օրերէն ի վեր Իմ հրամաններէս հեռացաք ու զանոնք չպահեցիք։ Ինծի դարձէք ու ես ձեզի պիտի դառնամ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը. Սակայն դուք կ’ըսէք՝ ‘Ինչո՞վ դառնանք’։
8 Միթէ մարդ Աստուած կը կողոպտէ՞, Որ դուք զիս կը կողոպտէք. Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Քեզմէ ի՞նչ կողոպտեցինք’. Տասանորդներ ու ընծաներ։
9 Դուք անէծքով անիծուած էք, Քանզի դուք բոլորդ զիս կողոպտեցիք։
10 Բոլոր տասանորդները գանձատունը բերէք, Որպէս զի իմ տանս մէջ պաշար ըլլայ։ Ասով զիս փորձեցէ՛ք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ Ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ, Այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ։
11 Ձեզի համար ուտողը պիտի յանդիմանեմ, Անիկա ձեր երկրին պտուղը պիտի չապականէ, Ձեր այգիին մէջ որթատունկը անպտուղ պիտի չըլլայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
12 Բոլոր ազգերը ձեզի երանի՜ պիտի ըսեն, Քանզի դուք ցանկալի երկիր պիտի ըլլաք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
13 «Ձեր խօսքերը ինծի դէմ խիստ եղան, կ’ըսէ Տէրը. Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Քեզի դէմ ի՞նչ խօսեցանք’։
14 Դուք ըսիք. ‘Աստուծոյ ծառայութիւն ընելը պարապ է։ Եւ անոր պահպանութիւնը պահելէն Ու զօրքերու Տէրոջը առջեւ սուգով քալելէն ի՞նչ շահեցանք։
15 Հիմա մենք հպարտներուն երանի՜ կ’ըսենք. Ամբարշտութիւն ընողներն անգամ բարեշէն կ’ըլլան, Աստուած ալ կը փորձեն ու կ’ազատին’»։
16 Այն ատեն Տէրոջմէ վախցողները Իրարու հետ խօսեցան։ Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց Եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար Ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար։
17 Եւ անոնք իմս պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Այն օրը երբ իմ սեփական գանձս հաւաքեմ, Անոնց պիտի խնայեմ, Ինչպէս մարդ մը կը խնայէ իր որդիին, Որ իրեն ծառայութիւն կ’ընէ։
18 Եւ պիտի դառնաք ու արդարին եւ ամբարշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին Եւ անոր ծառայութիւն չընողին Տարբերութիւնը պիտի տեսնէք։