ՄԱՂԱՔԵԱՅ
Գլուխ 2
«Այս պատուէրը ձեզի է, ո՛վ քահանաներ։
2 Եթէ մտիկ չընէք, Եթէ ձեր սրտին մէջ չդնէք Իմ անուանս պատիւ տալ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Այն ատեն ձեզի անէծք պիտի ղրկեմ, Ձեր օրհնութիւնները պիտի անիծեմ։ Այո՛, զանոնք արդէն անիծեր եմ, Քանզի դուք ձեր սրտին մէջ չէք դներ։
3 Ահա ես ձեր սերունդը պիտի յանդիմանեմ, Ձեր երեսին վրայ՝ աղբ, Ձեր տօներուն աղբը պիտի ցանեմ, Որ ձեզ իրեն հետ տանի։
4 Այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես ձեզի ղրկեցի այս պատուէրը, Որպէս զի իմ ուխտս Ղեւիին հետ ըլլայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
5 Իմ ուխտս անոր հետ էր՝ կեանքի ու խաղաղութեան համար։ Զանոնք անոր տուի այն երկիւղին փոխարէն՝ Որով ինծմէ կը վախնար Ու իմ անուանս երեսէն կը սարսափէր։
6 Ճշմարտութեան օրէնքը անոր բերնին մէջ էր, Անոր շրթունքներուն մէջ անիրաւութիւն չգտնուեցաւ. Ինծի հետ խաղաղութեամբ եւ ուղղութեամբ կը քալէր, Շատերը անօրէնութենէ դարձուց։
7 Քահանային շրթունքները գիտութիւն պահելու են, Մարդիկ անոր բերնէն օրէնք փնտռելու են, Քանզի անիկա զօրքերու Տէրոջը դեսպանն է։
8 Բայց դուք ճամբայէն խոտորեցաք. Շատերը օրէնքին մէջ գայթակղեցուցիք, Ղեւիին ուխտը աւրեցիք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
9 Ուստի ես ալ ձեզ բոլոր ժողովուրդին առջեւ անարգեցի ու ցածցուցի, Քանի որ դուք իմ ճամբաներս չպահեցիք, Օրէնքին մէջ աչառութիւն ըրիք։
10 Միթէ ամէնքը մէկ հայր չունի՞ն, Միթէ մէկ Աստուած չստեղծե՞ց մեզ։ Ինչո՞ւ համար մեր հայրերուն ուխտը աւրելով՝ Մեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը նենգութիւն կ’ընէ։
11 Յուդան նենգութիւն ըրաւ։ Իսրայէլի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ պղծութիւն գործուեցաւ։ Յուդան պղծեց Տէրոջը սրբարանը, որ ինք կը սիրէր Եւ օտար աստուծոյ աղջկանը այր եղաւ։
12 Տէրը Յակոբին վրաններէն բնաջինջ պիտի ընէ այս բանը ընող մարդը, Արթուն եղողն ու պատասխան տուողը Եւ զօրքերու Տէրոջը ընծայ մատուցանողը։
13 Դարձեալ ասիկա ըրիք։ Տէրոջը սեղանը արցունքներով, Լացով ու ողբով ծածկեցիք։ Այնպէս որ Անիկա անգամ մըն ալ ընծային չի նայիր, Որ զանիկա ձեր ձեռքէն հաճութեամբ ընդունի։
14 Բայց դուք ըսիք. ‘Ինչո՞ւ’։ Անոր համար որ Տէրը վկայ եղաւ քու եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջ միջեւ, Որուն հետ անհաւատարմութեամբ վարուեցար։ Անիկա քու ընկերդ ու քու ուխտիդ կինն է։
15 Եւ մէկը չըրա՞ւ, որ Հոգիին առատութիւնը ունէր. Այն մէկը ի՞նչ կը փնտռէր։ Աստուծոյ սերունդը։ Ուրեմն ձեր հոգիին զգուշութիւն ըրէք, Ձեզմէ ոեւէ մէկը իր երիտասարդութեան կնոջ հետ անհաւատարմութեամբ թող չվարուի։
16 Քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը կ’ըսէ, թէ Ինք կ’ատէ կին արձակելը՝ ՝. «Բայց մարդը իր հանդերձովը զրկանքը կը ծածկէ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը. Ուստի ձեր հոգիին զգուշութիւն ըրէք ու անհաւատարիմ մի՛ ըլլաք»։
17 «Ձեր խօսքովը Տէրը ձանձրացուցիք։ Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Ինչո՞վ ձանձրացուցինք’։ Այսպէս ըսելով. ‘Ամէն չարութիւն ընողը Տէրոջը աչքերուն առջեւ հաճոյ է Ու ինք անոնց կը հաւնի’, Կամ թէ ‘Դատաստան ընող Աստուածը ո՞ւր է’։