ԱՄՈՎՍԱՅ
Գլուխ 1
Թեկուէի հովիւներէն Ամովսին խօսքերը, որոնք Յուդայի թագաւորին Ոզիային օրերը ու Իսրայէլի թագաւորին Յովասին որդիին Յերոբովամին օրերը՝ երկրաշարժէն երկու տարի առաջ՝ տեսիլքով անոր յայտնուեցան Իսրայէլի վրայով։
2 Ու ըսաւ. «Տէրը Սիօնէն պիտի աղաղակէ Ու Երուսաղէմէն իր ձայնը պիտի տայ։ Հովիւներուն արօտները սուգ պիտի բռնեն եւ Կարմեղոսին գլուխը պիտի չորնայ»։
3 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Դամասկոսի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ. Քանզի անոնք Գաղաադը երկաթէ կամնասայլերով ծեծեցին։
4 Ազայէլի տանը վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը Բենադադի պալատները պիտի ուտէ։
5 Դամասկոսի նիգերը պիտի կոտրտեմ Ու Աւենի դաշտէն՝ բնակիչը։ Եդեմի տունէն գաւազան բռնողը պիտի կոտորեմ Եւ Ասորիներու ժողովուրդը դէպի Կիր գերի պիտի քշուի»։
6 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Գազայի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ. Քանզի բոլոր ժողովուրդը աքսորեցին, Որպէս զի Եդովմին ձեռքը մատնեն։
7 Գազայի պարսպին վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը անոր պալատները պիտի ուտէ։
8 Ազովտոսէն՝ բնակիչը, Ասկաղոնէն՝ գաւազան բռնողը պիտի կոտորեմ, Իմ ձեռքս Ակկարոնի վրայ պիտի դարձնեմ Ու Փղշտացիներու մնացորդը պիտի կորսուի»։
9 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Տիւրոսի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ, Քանզի գերիները բոլորովին Եդովմին ձեռքը մատնեցին, Եղբայրական ուխտը չյիշեցին։
10 Տիւրոսի պարսպին վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը անոր պալատները պիտի ուտէ»։
11 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Եդովմի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ, Քանզի իր եղբայրը սուրով հալածեց, Իր ողորմութիւնը դադրեցուց, Իր բարկութիւնը միշտ բորբոքեցուց Ու իր կատաղութիւնը յաւիտեան պահեց։
12 Թեմանի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը Բօսրայի պալատները պիտի ուտէ»։
13 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ամմոնի որդիներուն երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոնց պատիժը պիտի չջնջեմ. Քանզի Գաղաադի յղի կիները ճեղքեցին, Որպէս զի իրենց սահմանները լայնցնեն։
14 Ռաբբայի պարսպին վրայ կրակ պիտի բռնկեցնեմ, Որը անոր պալատները պիտի ուտէ։ Ասիկա պատերազմի օրը՝ աղաղակով, Փոթորիկի օրը խռովութեամբ պիտի ըլլայ։
15 Եւ անոնց թագաւորը՝ ՝ գերութեան պիտի երթայ, Ինք ու իր իշխանները մէկտեղ»։