ԱՄՈՎՍԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9


Գլուխ 2

Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Մովաբի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ. Քանզի Եդովմի թագաւորին ոսկորները՝ մինչեւ կիր դառնալը՝ այրեց։
2 Մովաբի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը Կարիօթի պալատները պիտի ուտէ։ Մովաբ խռովութեամբ, աղաղակով ու փողի ձայնով պիտի մեռնի։
3 Անոր մէջէն դատաւորը բնաջինջ պիտի ընեմ Ու անոր հետ անոր բոլոր իշխանները պիտի մեռցնեմ»։
4 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Յուդայի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ, Քանզի Տէրոջը օրէնքը անարգեցին Ու անոր պատուիրանները չպահեցին, Հապա իրենց ստութիւններով մոլորեցան, Որոնց հետեւեր էին իրենց հայրերը։
5 Յուդայի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը Երուսաղէմի պալատները պիտի ուտէ»։
6 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իսրայէլի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ, Քանզի անոնք արդարը՝ ստակով Ու տնանկը զոյգ մը կօշիկով ծախեցին։
7 Անոնք աղքատներուն գլխուն վրայ եղող երկրի հողին կը ցանկան՝ ՝, Չքաւորներուն ճամբան կը ծռեն Եւ իմ սուրբ անունս պղծելու համար Տղան ու հայրը միեւնոյն աղջկան կը մտնեն
8 Ու ամէն սեղանի քով Գրաւ առնուած հանդերձներու վրայ կը պառկին Եւ իրենց աստուածներուն տանը մէջ Զրկուածներուն գինին կը խմեն։
9 «Ես անոնց առջեւէն Ամօրհացին բնաջինջ ըրի, Որուն բարձրութիւնը եղեւիններու բարձրութեանը պէս էր, Անիկա կաղնիներու պէս ամուր էր։ Վերէն անոր պտուղը Եւ վարէն անոր արմատները բնաջինջ ըրի։
10 Ես ձեզ Եգիպտոսէն հանեցի, Ձեզ քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտցուցի, Որպէս զի Ամօրհացիին երկիրը ժառանգէք։
11 Ձեր տղաքներէն՝ մարգարէներ Եւ ձեր երիտասարդներէն ուխտաւորներ հանեցի։ Հիմա այսպէս չէ՞, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ», կ’ըսէ Տէրը։
12 «Դուք ուխտաւորներուն գինի խմցուցիք Ու մարգարէներուն պատուիրեցիք՝ ըսելով. ‘Մարգարէութիւն մի՛ ընէք’։
13 Ահա ես ձեր եղած տեղը ձեզ պիտի ճզմեմ Ինչպէս որաներով լեցուն սայլը իր անցած տեղը կը ճզմէ։
14 Եւ արագընթացը պիտի չկրնայ փախչիլ, Ուժով մարդը պիտի չկրնայ իր ոյժը գործածել, Զօրաւորը պիտի չկրնայ իր անձը ազատել,
15 Աղեղ բռնողը պիտի չկրնայ կայնիլ, Շուտ վազողը պիտի չկրնայ զինք ազատել Ու ձի հեծնողն ալ պիտի չկրնայ իր անձը ազատել
16 Եւ զօրաւորներուն մէջ քաջասիրտ եղողը Այն օրը մերկ պիտի փախչի», կ’ըսէ Տէրը։