ԱՄՈՎՍԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9


Գլուխ 5

Լսեցէ՛ք այս խօսքը, որ ձեր վրայ իբր ողբ ըսի, Ո՛վ Իսրայէլի տուն։
2 «Իսրայէլի կոյսը ինկած է, անգամ մըն ալ պիտի չելլէ։ Իր երկրին վրայ ձգուած է, զանիկա վերցնող չկայ»։
3 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Այն քաղաքին մէջ, ուրկէ հազար կ’ելլէր, Հարիւր պիտի մնայ. Ուրկէ հարիւր կ’ելլէր, Տասը պիտի մնայ Իսրայէլի տանը»։
4 Տէրը Իսրայէլի տանը այսպէս կ’ըսէ. «Զիս փնտռեցէ՛ք, որպէս զի ապրիք։
5 Բայց Բեթէլը մի՛ փնտռէք, Գաղգաղա մի՛ մտնէք, Բերսաբէէն մի՛ անցնիք, Քանզի Գաղգաղա անշուշտ գերութեան պիտի քշուի Ու Բեթէլ պիտի ոչնչանայ»։
6 Տէրը փնտռեցէք, որպէս զի ապրիք։ Չըլլայ թէ Յովսէփի տանը մէջ կրակի պէս բորբոքի Եւ զանիկա ուտէ ու Բեթէլի մէջ զանիկա մարող չըլլայ։
7 Դուք որ իրաւունքը օշինդրի կը դարձնէք, Արդարութիւնը գետինը կը ձգէք,
8 Փնտռեցէ՛ք զանիկա, որ Բազմաստեղն ու Հայկը շինեց, Որ մահուան ստուերը առաւօտեան լոյսի կը դարձնէ, Ցորեկը գիշերուան պէս կը մթնցնէ, Որ ծովուն ջուրերը կը կանչէ, Զանոնք երկրի երեսին վրայ կը տարածէ։ Անոր անունը Եհովա է,
9 Որ զօրաւորին վրայ յանկարծ կորուստ կը բերէ Ու կորուստը մինչեւ ամրոցը կը հասցնէ։
10 Դրանը մէջ յանդիմանողը կ’ատեն, Շիտակ խօսողէն կը զզուին։
11 Քանի որ աղքատին վրայ կը կոխէք Ու անկէ ցորենի պարգեւներ կ’առնէք, Թէեւ տաշուած քարէ տուներ ալ շինէք, Անոնց մէջ պիտի չբնակիք։ Թէեւ ցանկալի այգիներ ալ տնկէք, Անոնց գինին պիտի չխմէք։
12 Քանզի գիտեմ թէ որքան շատ են ձեր անօրէնութիւնները Եւ որքան մեծ են ձեր մեղքերը։ Արդարը կը նեղէք, կաշառք կ’առնէք Ու դրանը մէջ տնանկներուն դատը կը ծռէք։
13 Անոր համար ան որ խելացի է, այն ատեն պիտի լռէ, Քանզի ժամանակը չար է։
14 Բարութիւն փնտռեցէ՛ք, ո՛չ թէ՝ չարութիւն, որպէս զի ապրիք։ Այսպէս զօրքերու Տէր Աստոածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ, ինչպէս ըսիք։
15 Չարութիւնը ատեցէ՛ք ու բարութիւնը սիրեցէ՛ք Եւ դրանը մէջ իրաւունքը հաստատեցէ՛ք։ Թերեւս զօրքերու Տէր Աստուածը Յովսէփին մնացորդին ողորմի։
16 Անոր համար զօրքերու Աստուածը՝ տէր Եհովան՝ այսպէս կ’ըսէ. «Ամէն հրապարակի մէջ ողբ պիտի ըլլայ Ու ամէն փողոցի մէջ ‘Վա՜յ, վա՜յ’, պիտի ըսեն։ Երկրագործը՝ սուգի ու ողբ գիտցողները ողբալու պիտի կանչեն։
17 Եւ ամէն այգիի մէջ ողբ պիտի ըլլայ, Քանզի քու մէջէդ պիտի անցնիմ», կ’ըսէ Տէրը։
18 Վա՜յ ձեզի, որ Տէրոջը օրուանը կը ցանկաք։ Ձեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ Տէրոջը օրը։ Անիկա խաւար է եւ ո՛չ թէ լոյս։ Այնպէս պիտի ըլլաք։
19 Որպէս թէ մարդ մը առիւծին երեսէն փախչի Ու արջ մը անոր հանդիպի, Կամ տունը մտնէ ու ձեռքը պատին կռթնցնէ Ու օձը զայն խայթէ։
20 Ահա Տէրոջը օրը խաւար է եւ ո՛չ թէ՝ լոյս։ Անոր մէջ մառախուղ կայ եւ ո՛չ թէ պայծառութիւն։
21 Ձեր տօները կ’ատեմ ու կը մերժեմ, Ձեր հանդիսաւոր ժողովներէն հաճոյք պիտի չառնեմ։
22 Եթէ ինծի ողջակէզներ ու ձեր հացի ընծաները մատուցանէք ալ՝ Պիտի չընդունիմ Եւ ձեր գէր անասուններուն՝ խաղաղութեան զոհերուն՝ պիտի չնայիմ։
23 Քու երգերուդ ձայնը ինծմէ հեռացուր, Քանզի քու տաւիղներուդ եղանակը պիտի չլսեմ։
24 Բայց իրաւունքը ջուրի պէս թող վազէ Ու արդարութիւնը՝ զօրաւոր գետի պէս։
25 Միթէ անապատին մէջ քառասուն տարի Ինծի զոհեր ու ընծանե՞ր մատուցանեցիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն։
26 Դուք՝ ձեր Մողոքի խորանները Ձեր Քիունի կուռքերը Եւ ձեզի համար շինուած աստուածներուն աստղը կրեցիք։
27 Ուստի ձեզ Դամասկոսէն անդին գերի պիտի քշեմ», Կ’ըսէ Տէրը, որուն անունը զօրքերու Աստուած է։