ԱՄՈՎՍԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9


Գլուխ 4

«Լսեցէ՛ք այս խօսքը, ո՛վ Սամարիայի լերանը վրայ եղող Բասանի կովեր, Որ աղքատներուն զրկանք կ’ընէք, Տնանկները ոտքի տակ կ’առնէք, Ձեր տէրերուն՝ ‘Բեր որ խմենք’, կ’ըսէք։
2 Տէր Եհովան իր սրբութիւնովը երդում ըրաւ, Թէ՝ ահա ձեր վրայ օրեր պիտի գան, Երբ ձեզ կարթերով պիտի վերցնեն Ու ձեր սերունդը՝ ձուկի կարթերով։
3 Ձեզմէ իւրաքանչիւրը խրամատներէն դուրս պիտի հանուիք Ու բերդը պիտի նետուիք», կ’ըսէ Տէրը։
4 «Բեթէլ եկէ՛ք ու յանցանք գործեցէ՛ք, Գաղգաղայի մէջ յանցանք ընելը շատցուցէ՛ք, Ամէն առտու ձեր զոհերը Ու ամէն երեք օրը անգամ մը ձեր տասանորդները բերէ՛ք։
5 Շնորհակալութեան զոհը խմորեալ մատուցանեցէ՛ք Ու կամաւոր ընծաներ յայտարարեցէ՛ք ու հրատարակեցէ՛ք, Քանզի այսպէս սիրեցիք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ», Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
6 «Ես ալ ձեզի ձեր քաղաքներուն մէջ՝ ակռայի մաքրութիւն Ու ձեր բոլոր տեղերը հացի կարօտութիւն տուի, Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
7 «Հունձքէն երեք ամիս առաջ անձրեւը դադրեցուցի, Ո՛չ մէկ քաղաքի վրայ անձրեւ տեղացուցի. Բայց միւս քաղաքին վրայ անձրեւ տեղացուցի։ Վիճակի մը վրայ անձրեւ եկաւ, Բայց միւս վիճակը, որուն վրայ անձրեւ չեկաւ, չորցաւ։
8 Երկու երեք քաղաք՝ ջուր խմելու համար՝ Մէկ քաղաքի մէջ հաւաքուեցան, Բայց չգոհացան։ Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
9 «Ձեզ խորշակահարութեամբ ու դալուկով զարկի, Խառնիճը կերաւ ձեր բազմաթիւ պարտէզները Ու այգիները եւ թզենիներն ու ձիթենիները, Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
10 «Եգիպտոսի ճամբուն մէջ՝ ՝ ձեր վրայ ժանտախտ ղրկեցի, Ձեր երիտասարդները սուրով մեռցուցի, Թողուցի որ ձեր ձիերը գերի տարուին, Ձեր բանակներուն գարշահոտութիւնը մինչեւ ձեր քիթը հասցուցի, Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
11 «Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին պէս ձեզ ալ կործանեցի, Կրակէ հանուած խանձուողի պէս եղաք, Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
12 Անոր համար քեզի այսպէս պիտի ընեմ, ո՛վ Իսրայէլ, Քանի որ քեզի այս բանը պիտի ընեմ, Ուստի քու Աստուածդ դիմաւորելու պատրաստուէ, ո՛վ Իսրայէլ»։
13 Ահա Ան, որ լեռները հաստատեց ու հովը ստեղծեց, Որ յայտնէ մարդուն՝ անոր խորհուրդը։ Ան որ արշալոյսը կը խաւարեցնէ Ու երկրի բարձր տեղերուն վրայ կը քալէ, Անոր անունը Եհովա՝ զօրքերու Աստուած է։