ԱՄՈՎՍԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9


Գլուխ 7

Տէր Եհովան ինծի ասիկա ցուցուց. Ահա ան վերջին խոտին բուսնելուն սկիզբը մարախներ ստեղծեց։ Ահա վերջին խոտը թագաւորին հունձքէն ետքն էր։
2 Երբ անոնք երկրին խոտը ամբողջութեամբ կերան, Ես ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, ներէ՛. Յակոբը ի՞նչպէս պիտի կանգնի, քանզի քիչուոր է»։
3 Տէրը ասոր համար զղջաց։ «Ասիկա պիտի չըլլայ», ըսաւ Տէրը։
4 Տէր Եհովան ինծի ասիկա ցուցուց։ Ահա Տէր Եհովան կրակը կը կանչէր, որպէս զի անով դատաստան ընէ։ Անիկա մեծ անդունդը կերաւ, Արտերը սպառեց։
5 Ու ես ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, դադարէ՛. Յակոբը ի՞նչպէս պիտի կանգնի, քանզի քիչուոր է»։
6 Տէրը ասոր համար զղջաց։ «Ասիկա պիտի չըլլայ», ըսաւ Տէր Եհովան։
7 Եւ ինծի ցուցուց։ Տէրը կապարալարով շինուած պարսպի մը վրայ կայներ էր Ու ձեռքը կապարալար մը կար։
8 Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես, ո՛վ Ամովս»։ Ու ես ըսի. «Կապարալար մը»։ Տէրը ըսաւ. «Ահա ես իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջ կապարալար մը կը դնեմ. Ա՛լ անոնց անօրէնութիւնը անտես պիտի չընեմ։
9 Իսահակին բարձր տեղերը աւերակ պիտի ըլլան Ու Իսրայէլին սրբարանները պիտի աւերուին Ու Յերոբովամին տանը վրայ սուրով պիտի ելլեմ»։
10 Բեթէլի քուրմը՝ Ամասիա՝ Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին լուր ղրկեց՝ ըսելով. «Իսրայէլի տանը մէջ Ամովս քեզի դէմ դաւաճանութիւն կ’ընէ. Երկիրը չի կրնար անոր բոլոր խօսքերը տանիլ.
11 Քանզի Ամովս այսպէս կ’ըսէ. «Յերոբովամ սուրով պիտի մեռնի Ու Իսրայէլ իր երկրէն անշուշտ գերութեան պիտի երթայ»։
12 Ամասիա ըսաւ Ամովսին. «Ո՛վ տեսանող, գնա՛, Յուդայի երկիրը փախի՛ր։ Հոն հաց կե՛ր եւ հոն մարգարէութիւն ըրէ՛։
13 Անգամ մըն ալ Բեթէլի մէջ մարգարէութիւն մի՛ ըներ, Քանզի անիկա թագաւորին սրբարանն է Ու թագաւորութեանը տունն է»։
14 Ամովս պատասխան տուաւ ու Ամասիային ըսաւ. «Ես ո՛չ մարգարէ էի, ո՛չ ալ մարգարէի որդի, Հապա ես արջառներու հովիւ ու մոլաթուզ քաղող էի։
15 Տէրը զիս հօտին ետեւէն առաւ Եւ ինծի ըսաւ. ‘Գնա՛, իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին՝ մարգարէութիւն ըրէ՛’։
16 Եւ հիմա Տէրոջը խօսքը լսէ՛. Դուն կ’ըսես թէ՝ ‘Իսրայէլի համար մարգարէութիւն մի՛ ըներ Ու Իսահակի տանը դէմ մի՛ խօսիր’։
17 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու կինդ քաղաքին մէջ պոռնկութիւն պիտի ընէ, Քու տղաքներդ ու աղջիկներդ սուրով պիտի իյնան, Քու երկիրդ լարով պիտի բաժնուի, Դուն պիղծ երկրի մը մէջ պիտի մեռնիս Ու Իսրայէլ իր երկրէն անշուշտ գերութեան պիտի երթայ’»։