ԱՄՈՎՍԱՅ
Գլուխ 8
Տէր Եհովան ինծի ցուցուց Կողով մը ամառնային պտուղ
2 Ու ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես, ո՛վ Ամովս»։ Ես ըսի. «Կողով մը ամառնային պտուղ»։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի՝ վախճանը հասած է։ Ա՛լ անոնց անօրէնութիւնը անտես պիտի չընեմ։
3 Այն օրը տաճարին երգերը ողբեր պիտի ըլլան»։ Տէր Եհովան կ’ըսէ. «Շատ մեռելներ պիտի ըլլան Ու զանոնք լռութեամբ ամէն տեղ պիտի նետեն»։
4 «Ասիկա լսեցէ՛ք, Ո՛վ դուք որ տնանկը՝ կլլել Ու երկրին աղքատները կորսնցնել կը ցանկաք
5 Ու կ’ըսէք. ‘Ամսագլուխը ե՞րբ պիտի անցնի, որ ընդեղէն ծախենք, Շաբաթը՝ որ ցորենը ծախու հանենք Ու արդուն պզտկցնենք ու սիկղը մեծցնենք Եւ նենգութեամբ խարդախ կշիռքներ գործածենք.
6 Որպէս զի աղքատները ստակով Ու տնանկները զոյգ մը կօշիկով ծախու առնենք Ու ցորենին խոտանը ծախենք’։
7 Տէրը Յակոբին մեծավայելչութեանը վրայ երդում ըրաւ՝ ըսելով. «Անոնց բոլոր գործերը յաւիտեան պիտի չմոռնամ։
8 Չէ՞ որ այս բանին համար երկիրը պիտի դողայ, Անոր մէջ բնակողը սուգ պիտի ընէ, Բոլոր երկիրը գետի պէս վեր պիտի ելլէ Ու պիտի քշուի ու պիտի ընկղմի Եգիպտոսի գետին նման»։
9 «Այն օրը, կ’ըսէ Տէր Եհովան, Արեւը կէսօրուան ատենը մարը պիտի մտցեն Ու ցորեկուան լոյսին ատենը երկիրը պիտի խաւարեցնեմ։
10 Ձեր տուները՝ սուգի, Ձեր բոլոր երգերը ողբի պիտի դարձնեմ. Ամէն մէջքի վրայ՝ քուրձ, Ամէն գլխու վրայ կնտութիւն պիտի բերեմ։ Երկրին վրայ սուգ պիտի բերեմ՝ մէկ հատիկ զաւակի համար եղած սուգին պէս, Անոր վախճանը դառնութեան օրուան պէս պիտի ըլլայ»։
11 «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէր Եհովան, Երբ երկրի վրայ սով մը պիտի ղրկեմ, Ո՛չ թէ հացի սով եւ ո՛չ թէ ջուրի ծարաւ, Այլ Տէրոջը խօսքերը լսելու սովը։
12 Մէկ ծովէն միւս ծովը Եւ հիւսիսէն մինչեւ արեւելք պիտի թափառին, Տէրոջը խօսքը փնտռելու համար հոս հոն պիտի պտըտին, Բայց պիտի չգտնեն։
13 Այն օրը գեղեցիկ կոյսերը Ու երիտասարդները ծարաւէն պիտի մարին,
14 Որոնք Սամարիայի յանցանքովը երդում կ’ընեն ու կ’ըսեն. ‘Կենդանի է քու Աստուածդ, ո՛վ Դան’ ‘Ու կենդանի է Բերսաբէէի ճամբան’. Անոնք պիտի իյնան ու անգամ մըն ալ պիտի չելլեն»։