ՅՈՎԵԼԵԱՅ

1 2 3


Գլուխ 3

«Ահա այն օրերը ու այն ժամանակը, Երբ ես Յուդան ու Երուսաղէմը գերութենէ պիտի դարձնեմ,
2 Այն ատեն բոլոր ազգերը պիտի հաւաքեմ Ու զանոնք Յովսափատի հովիտը պիտի իջեցնեմ։ Հոն անոնց հետ դատ պիտի վարեմ Իմ ժողովուրդիս ու իմ ժառանգորդիս՝ Իսրայէլին համար, Որ ազգերու մէջ ցրուեցին, Իմ երկիրս բաժնեցին,
3 Իմ ժողովուրդիս համար վիճակ ձգեցին, Տղան պոռնիկի վարձքի տեղ տուին, Աղջիկը գինիի համար ծախեցին, որպէս զի խմեն։
4 «Դուք ինծի հետ ի՞նչ բան ունիք, Ո՛վ Տիւրոս ու Սիդոն եւ Փղշտացիներու բոլոր սահմաններ։ Միթէ դուք ինծի հատուցո՞ւմ պիտի ընէք։ Եթէ դուք ինծի հատուցում ընէք, Շուտով ձեր հատուցումը պիտի դարձնեմ ձեր գլխուն։
5 Քանզի իմ արծաթս ու իմ ոսկիս առիք, Իմ աղէկ ու ցանկալի բաներս ձեր մեհեանները տարիք,
6 Յուդայի որդիները ու Երուսաղէմի որդիները Յոյներու որդիներուն ծախեցիք, Որպէս զի զանոնք իրենց սահմանէն հեռացնէք։
7 Ահա ես զանոնք պիտի վերադարձնեմ այն տեղէն՝ ուր դուք զանոնք ծախեցիք, Ձեր ըրածը պիտի փոխադարձնեմ։
8 Ձեր տղաքներն ու աղջիկները Յուդայի որդիներուն պիտի ծախեմ Եւ անոնք ալ հեռաբնակ ազգի մը, Սաբայեցիներուն, պիտի ծախեն զանոնք», Քանզի Տէրը խօսեցաւ։
9 Ասիկա ազգերու մէջ հրատարակեցէ՛ք, Պատերազմ յայտարարեցէ՛ք, Զօրաւորները արթնցուցէ՛ք, Բոլոր պատերազմիկները թող մօտենան ու ելլեն։
10 Ձեր խոփերը սուրեր շինեցէ՛ք Ու ձեր յօտոցները՝ նիզակներ։ Տկար եղողը՝ ‘Ես զօրաւոր եմ’, թող ըսէ։
11 Շուտով եկէ՛ք, ո՛վ բոլոր շրջակայ ազգեր ու հաւաքուեցէ՛ք։ Քու մարտիկներդ, ո՛վ Տէր, հոն իջեցուր։
12 Ազգերը թող աճապարեն ու Յովսափատի հովիտը գան, Քանզի բոլոր շրջակայ ազգերը դատելու համար հոն պիտի նստիմ։
13 Մանգաղը երկնցուցէ՛ք, քանզի հունձքը հասած է։ Եկէ՛ք, իջէ՛ք, քանզի հնձանը լեցուեցաւ, Աւազանները կը յորդին. Քանզի անոնց չարութիւնը մեծ է։
14 Բազմութիւններ, բազմութիւններ կը հաւաքուին Վճիռի հովիտին մէջ։ Տէրոջը օրը մօտ է Վճիռի հովիտին մէջ։
15 Արեւն ու լուսինը պիտի խաւարին, Աստղերը իրենց պայծառութիւնը պիտի կորսնցնեն։
16 Տէրը Սիօնէն պիտի գոչէ Ու Երուսաղէմէն իր ձայնը պիտի բարձրացնէ, Երկինք ու երկիր պիտի սարսին, Բայց Տէրը իր ժողովուրդին՝ ապաւէն Ու Իսրայէլի որդիներուն ամրութիւն պիտի ըլլայ
17 Եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ ձեր Տէր Աստուածը, Որ իմ սուրբ լերանս վրայ՝ Սիօնի մէջ՝ կը բնակիմ։ Երուսաղէմ սուրբ պիտի ըլլայ, Անգամ մըն ալ օտարներ պիտի չանցնին անկէ։
18 Այն օրերը լեռները քաղցու պիտի կաթեցնեն, Բլուրները կաթ պիտի վազցնեն, Յուդայի բոլոր ձորերը ջուրեր պիտի հոսեցնեն. Տէրոջը տունէն աղբիւր պիտի բղխի Եւ Սատիմի ձորը պիտի ոռոգէ։
19 Յուդայի որդիներուն եղած անիրաւութեանը համար Եգիպտոս պիտի ամայանայ, Եդովմ ամայի անապատ պիտի ըլլայ, Քանզի անոնց երկրին մէջ անմեղ արիւն թափուեցաւ։
20 Բայց Յուդա յաւիտեան մարդաբնակ պիտի ըլլայ Եւ Երուսաղէմ՝ դարէ դար։
21 Անոնց արեան վրէժը պիտի առնեմ եւ չարութիւնը պիտի չմաքրեմ Եւ Տէրը Սիօնի մէջ պիտի բնակի»։