ՅՈՎԵԼԵԱՅ

1 2 3


Գլուխ 2

Սիօնի մէջ փող հնչեցուցէ՛ք, Ահազանգ թող լսուի սուրբ լերանս վրայ։ Երկրին բոլոր բնակիչները թող դողան, Քանզի Տէրոջը օրը կու գայ,
2 Խաւարի ու մէգի օրը, Ամպի ու մառախուղի օրը։ Ինչպէս արշալոյսը լեռներուն վրայ կը տարածուի, Այնպէս շատուոր ու զօրաւոր ժողովուրդ մը պիտի գայ, Որուն նմանը երբեք չէ եկած Ու ասկէ ետքը ապագային ալ Պիտի չգայ՝ դարէ դար։
3 Անոր առջեւէն կրակը պիտի սպառէ Ու ետեւէն բոցը պիտի այրէ. Երկիրը անոր առջեւ Եդեմի դրախտին պէս էր, Բայց անոր ետեւը ամայի անապատ պիտի ըլլայ։ Անկէ բան մըն ալ պիտի չազատի։
4 Անոնց կերպարանքը ձիերու կերպարանքին պէս է, Անոնք ձիաւորներու պէս պիտի արշաւեն։
5 Լեռներու գլուխներուն վրայ կառքերու ձայնի պէս, Յարդը ուտող կրակի բոցի ձայնին պէս, Պատերազմի շարուած զօրաւոր ժողովուրդի պէս պիտի ցատկեն։
6 Անոնց առջեւ ժողովուրդները պիտի տագնապին, Բոլոր երեսները գոյներնին պիտի նետեն։
7 Անոնք զօրաւորներու պէս պիտի վազեն, Պատերազմիկներու պէս պարիսպներու վրայ պիտի ելլեն, Իւրաքանչիւրը իր ճամբան պիտի քալէ, Իրենց շաւիղներէն պիտի չխոտորին։
8 Մէկզմէկ պիտի չհրեն, Իւրաքանչիւրը իր ճամբան պիտի քալէ։ Եթէ սուրի վրայ ալ իյնան՝ պիտի չվիրաւորուին։
9 Քաղաքին մէջ պիտի պտըտին Ու պարսպին վրայ պիտի վազեն։ Տուներուն վրայ պիտի ելլեն, Գողի պէս պատուհաններէն պիտի մտնեն։
10 Անոնց առջեւ երկիրը պիտի դողայ, Երկինք պիտի սարսի, Արեւն ու լուսինը պիտի խաւարին, Աստղերը իրենց պայծառութիւնը պիտի կորսնցնեն։
11 Տէրը իր զօրքերուն առջեւ իր ձայնը պիտի բարձրացնէ, Քանզի անոր բանակը խիստ մեծ է, Քանզի անոր հրամանը գործադրողը զօրաւոր է. Քանզի Տէրոջը օրը խիստ մեծ ու խիստ ահեղ է, Ո՞վ կրնայ անոր դիմանալ։
12 Սակայն հիմա Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ինծի դարձէ՛ք ձեր բոլոր սրտովը՝ Ծոմապահութեամբ, լալով ու սգալով։
13 Ձեր սրտերը պատռեցէ՛ք եւ ո՛չ թէ ձեր հանդերձները»։ Ձեր Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք. Քանզի անիկա ողորմած ու գթած, Երկայնամիտ ու բազումողորմ է Ու չարիքի համար կը զղջայ։
14 Ո՞վ գիտէ, թերեւս անիկա դառնայ ու զղջայ Ու իր ետեւէն օրհնութիւն թողու, Որպէս զի կարող ըլլաք ձեր Տէր Աստուծոյն Հացի ընայ ու ըմպելի նուէր մատուցանել։
15 Սիօնի մէջ փող հնչեցուցէ՛ք, Ծոմապահութեան օր որոշեցէ՛ք, Հանդիսաւոր ժողով գումարեցէ՛ք.
16 Ժողովուրդը հաւաքեցէ՛ք, ժողովը սրբեցէ՛ք, ծերերը հաւաքեցէ՛ք. Տղաքներն ու կաթնկեր մանուկները հաւաքեցէ՛ք. Փեսան իր սենեակէն թող ելլէ Ու հարսը՝ իր առագաստէն։
17 Տէրոջը պաշտօնը կատարող քահանաները Սրահին ու սեղանին մէջտեղ թող լան Ու ըսեն. «Ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդիդ խնայէ՛ Եւ քու ժառանգութիւնդ մի՛ նախատեր, Որ ազգերը անոնց վրայ տիրեն։ Ինչո՞ւ համար ժողովուրդներուն մէջ ըսեն թէ ‘Ո՞ւր է անոնց Աստուածը’»։
18 Այն ատեն Տէրը իր երկրին համար նախանձախնդիր պիտի ըլլայ Ու իր ժողովուրդին պիտի ողորմի։
19 Եւ Տէրը պատասխան պիտի տայ ու իր ժողովուրդին ըսէ. «Ահա ես ձեզի ցորեն, գինի ու իւղ պիտի պարգեւեմ, Որ անոնցմով կշտանաք։ Ձեզ անգամ մըն ալ ազգերուն մէջ նախատինքի առարկայ պիտի չընեմ։
20 Հիւսիսային զօրքը ձեր վրայէն պիտի հեռացնեմ. Անոր երեսը՝ դէպի արեւելեան ծովը, Կռնակը դէպի արեւմտեան ծովը պիտի ըլլայ։ Զանիկա չոր ու ամայի երկիր մը պիտի քշեմ. Անոր գէշ հոտը պիտի ելլէ, Անոր գարշահոտութիւնը պիտի աւելնայ, Քանզի մեծ բաներ ըրաւ։
21 Մի՛ վախնար, ո՛վ երկիր, ցնծա՛ եւ ուրախացի՛ր, Քանզի Տէրը մեծ բաներ պիտի ընէ։
22 Ո՛վ դաշտի անասուններ, մի՛ վախնաք, Քանզի անապատին արօտները պիտի կանանչանան, Քանզի ծառը իր պտուղը պիտի տայ, Թզենին ու որթատունկը իրենց արդիւնքը պիտի տան։
23 Եւ դո՛ւք, ո՛վ Սիօնի որդիներ, Ձեր Տէր Աստուծմով ցնծացէ՛ք եւ ուրախ եղէ՛ք, Քանզի անիկա պէտք եղած չափով առաջին անձրեւը ձեզի պիտի տայ, Ձեզի անձրեւ պիտի տեղացնէ, առաջին անձրեւն ու վերջին անձրեւը առաջուան պէս։
24 Կալերը ցորենով պիտի լեցուին, Հնձանները գինիով ու իւղով պիտի յորդին։
25 Կրկին ձեզի պիտի տամ այն տարիներուն պտուղները, Որոնք մարախը, ջորեակը, գրուիճն ու խառնիճը, Ձեր մէջ ղրկած իմ մեծ բանակս, կերան։
26 Առատօրէն պիտի ուտէք ու կշտանաք Ու ձեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի օրհնէք, Որ ձեզի համար հրաշքներ ըրաւ։ Իմ ժողովուրդս յաւիտեան պիտի չամչնայ։
27 Պիտի գիտնաք թէ ես Իսրայէլի մէջ եմ, Թէ ձեր Տէր Աստուածը ես եմ եւ ուրիշ մը չկայ։ Իմ ժողովուրդս յաւիտեան պիտի չամչնայ։
28 «Ասկէ յետոյ Իմ Հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ Ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան, Ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն։ Ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն։
29 Ծառաներուն վրայ ու աղախիններուն վրայ ալ Այն օրերը իմ Հոգիս պիտի թափեմ։
30 Երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ պիտի դնեմ, Արիւն, կրակ եւ ծուխի սիւներ։
31 Արեւը խաւարի պիտի դառնայ ու լուսինը՝ արիւնի, Դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած։
32 Ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի ազատի. Քանզի Տէրոջը ըսածին պէս՝ Սիօն լերանը վրայ ու Երուսաղէմի մէջ փրկութիւն պիտի ըլլայ, Այն մնացորդներուն մէջ ալ՝ որոնք Տէրը պիտի կանչէ»։