ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 6

Ալ հիմա ի՞նչ պիտի ըսենք. մեղքի մէջ մնա՞նք արդեօք, որպէս զի շնորհքը շատնայ։
2 Քա՛ւ լիցի. մենք որ մեղքին մեռանք, ի՞նչպէս անոր մէջ կենանք։
3 Չէ՞ք գիտեր թէ մենք որ Յիսուս Քրիստոսով մկրտուեցանք, անոր մահուանը մկրտուեցանք։
4 Անոր հետ թաղուեցանք մկրտութիւնով մահուան համար. որպէս զի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքովը յարութիւն առաւ մեռելներէն, այնպէս ալ մենք կեանքի նորոգութեան մէջ պտըտինք։
5 Վասն զի եթէ մենք տնկակից եղանք անոր մահուանը նմանութիւնովը, նաեւ անոր յարութեանը նմանութիւնով ալ կցորդ պիտի ըլլանք։
6 Այս գիտնանք թէ մեր հին մարդը անոր հետ խաչուեցաւ, որ մեղաւոր մարմինը փճանայ, որպէս զի ասկէ յետոյ մեղքի չծառայենք։
7 Վասն զի ան որ մեղքի մեռած է, մեղքէ արդարացած է։
8 Արդ՝ եթէ մենք Քրիստոսին հետ մեռանք, կը հաւատանք թէ անոր հետ պիտի ապրինք ալ։
9 Քանզի գիտենք թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած ըլլալով՝ նորէն չի՛ մեռնիր, ա՛լ մահը անոր վրայ իշխանութիւն չունի։
10 Վասն զի քանի որ մեռաւ՝ մեղքի մեռաւ մէկ անգամ եւ որ կենդանի է՝ Աստուծոյ կենդանի է։
11 Այսպէս դուք ձեր անձերը մեղքի մեռած սեպեցէք, բայց Աստուծոյ կենդանի՝ մեր Տէրոջը Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով։
12 Ուստի ա՛լ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմնին վրայ, որ անոր ցանկութիւններուն հնազանդիք։
13 Եւ ձեր անդամները մեղքի մի՛ ընծայէք, անիրաւութեան գործիք ըլլալու, հապա ձեր անձերը Աստուծոյ ընծայեցէք որպէս թէ մեռելներէն ողջնցած եւ ձեր անդամները արդարութեան գործիքներ՝ Աստուծոյ։
14 Քանզի մեղքը ձեր վրայ պիտի չիշխէ. վասն զի օրէնքի տակ չէք, հապա շնորհքի տակ։
15 Ուրեմն ի՞նչ. մե՞ղք գործենք քանի որ օրէնքի տակ չենք, հապա շնորհքի տակ։ Քա՛ւ լիցի։
16 Չէ՞ք գիտեր թէ որու որ անձերնիդ իբր ծառայ ընծայէք հնազանդելու, ծառայ կ’ըլլաք անոր՝ որուն որ կը հնազանդիք, թէ՛ մեղքի՝ որ մահուան կը տանի եւ թէ՛ հնազանդութեան որ՝ արդարութեան։
17 Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ թէեւ դուք մեղքի ծառայ էիք, սակայն սրտանց հնազանդեցաք այն վարդապետութեան գաղափարին, որ ձեզի յանձնուեցաւ։
18 Ուստի դուք մեղքէ ազատուելով՝ արդարութեան ծառայ եղաք.
19 (Մարդու սովորութեան պէս կ’ըսեմ՝ ձեր մարմնին տկարութեանը համար.) քանզի ինչպէս ատեն մը ձեր անդամները անօրէնութեան ընծայեցիք՝ պղծութեան եւ անօրէնութեան ծառաներ ըլլալու, ա՛յնպէս հիմա ձեր անդամները սրբութեան ընծայեցէք՝ արդարութեան ծառաներ ըլլալու։
20 Վասն զի երբ դուք մեղքի ծառաներ էիք, արդարութենէ ազատ էիք։
21 Ուրեմն այն ժամանակ ի՞նչ պտուղ ունէիք այն բաներէն՝ որոնցմով հիմա կ’ամչնաք. վասն զի անոնց վերջը մահ է։
22 Բայց հիմա մեղքէ ազատուած եւ Աստուծոյ ծառաներ եղած՝ ձեր պտուղը ունիք սրբութիւնով ու վերջը յաւիտենական կեանք։
23 Քանզի մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։