ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ
Գլուխ 10
Եղբայրնե՛ր, սրտանց կը փափաքիմ ու կ’աղօթեմ Աստուծոյ, որ Իսրայէլը փրկէ։
2 Վասն զի ես կը վկայեմ անոնց համար թէ Աստուծոյ համար նախանձախնդիրներ են, թէեւ ո՛չ գիտակցաբար։
3 Վասն զի անոնք Աստուծոյ արդարութիւնը չճանչնալով՝ իրենց արդարութիւնը հաստատել ուզելով, Աստուծոյ արդարութեան չհնազանդեցան։
4 Քանզի օրէնքին վախճանը Քրիստոս է ամէն հաւատացեալի արդարութեան համար։
5 Վասն զի Մովսէս օրէնքէն եղած արդարութիւնը հաստատեց ըսելով. «Զանոնք կատարող մարդը անոնցմով պիտի ապրի»։
6 Բայց հաւատքէն եղած արդարութիւնը այսպէս կ’ըսէ. «Մի՛ ըսեր քու սրտիդ մէջ՝ ‘Ո՞վ պիտի ելլէ երկինք’, (այսինքն Քրիստոսը իջեցնելու.)
7 Կամ թէ՝ ‘Ո՞վ պիտի իջնէ անդունդը’, (այսինքն Քրիստոսը մեռելներէն հանելու։)»
8 Հապա ի՞նչ կ’ըսէ. ‘Խօսքը մօտդ է, քու շրթունքիդ վրայ եւ քու սրտիդ մէջ է’. (այսինքն հաւատքին խօսքը, որ մենք կը քարոզենք.)
9 Վասն զի եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց՝ պիտի փրկուիս.
10 (Վասն զի սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի փրկուելու համար։)
11 Քանզի գիրքը կ’ըսէ. «Ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ, պիտի չամչնայ»։
12 Վասն զի խտրութիւն չկայ Հրեային ու Յոյնին միջեւ, վասն զի ամենուն Տէրը նոյնն է, որ առատութեամբ կը հասնի անոնց, որոնք իրեն կը կանչեն։
13 Քանզի «Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։
14 Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր, եթէ անոր չհաւատան, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն։
15 Կամ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին. ինչպէս գրուած է. «Որքա՜ն գեղեցիկ են խաղաղութիւն աւետարանողներուն ու բարի բաներու աւետիս տուողներուն ոտքերը»։
16 Բայց ամէնքը հնազանդ չեղան աւետարանին. քանզի Եսայի կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին»։
17 Ուրեմն հաւա՛տքը լսելէն է ու լսելը՝ Աստուծոյ խօսքէն։
18 Բայց կ’ըսեմ. «Միթէ չլսեցի՞ն. մանաւանդ՝ ‘Բոլոր երկի՛ր ելաւ անոնց հնչիւնը ու անոնց խօսքը՝ մինչեւ աշխարհի ծայրերը’»։
19 Բայց կ’ըսեմ. «Միթէ Իսրայէլ չգիտցա՞ւ»։ Առաջ Մովսէս կ’ըսէ. «Ես ձեզ պիտի գրգռեմ որ նախանձիք անպիտան ժողովուրդի մը ու անմիտ ազգով մը ձեզ պիտի բարկացնեմ»։
20 Բայց Եսային կը համարձակի ու կ’ըսէ. «Ես անոնցմէ գտնուեցայ՝ որոնք զիս չէին փնտռեր, յայտնի եղայ անոնց՝ որոնք զիս չէին հարցներ»։
21 Սակայն Իսրայէլի վրայով կ’ըսէ. «Բոլոր օրը իմ ձեռքերս երկնցուցի անհնազանդ ու հակառակող ժողովուրդի մը»։