ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 14

Հաւատքի մէջ տկար եղողը ընդունեցէք, ո՛չ թէ տարակուսական որոշումներով։
2 Մէկը կը հաւատայ թէ ամէն բան կրնայ ուտել եւ ան որ տկար է՝ կանանչեղէն կ’ուտէ։
3 Ան որ կ’ուտէ՝ չուտողը թող չանարգէ՛ ու ան որ չուտեր՝ ուտողը թող չդատէ՛, վասն զի Աստուած զանիկա ընդուներ է։
4 Դուն ո՞վ ես որ ուրիշին ծառան կը դատես. իր Տէրոջը կը կանգնի կամ կ’իյնայ. բայց պիտի կանգնի, վասն զի Աստուած կարող է զանիկա կանգնեցնել։
5 Մէկը մէկ օրը ուրիշ օրէ աւելի կը յարգէ, մէկն ալ ամէն օրը մէկ կը սեպէ. թող ամէն մարդ իր միտքը հաճեցնէ։
6 Ան որ կը հոգայ օրը, Տէրոջը կը հոգայ եւ ան որ չի հոգար օրը, Տէրոջը չի հոգար ու ան որ կ’ուտէ, Տէրոջը կ’ուտէ, քանզի Աստուծմէ կը գոհանայ եւ ան որ չուտեր, Տէրոջը չուտեր ու Աստուծմէ կը գոհանայ։
7 Վասն զի մեզմէ ոեւէ մէկը իր անձին համար չապրիր, կամ իր անձին համար չի մեռնիր։
8 Քանզի եթէ ապրինք, Տէրոջը համար կ’ապրինք եւ եթէ մեռնինք, Տէրոջը համար կը մեռնինք. ուրմեն թէ՛ ապրինք եւ թէ՛ մեռնինք, մենք Տէրոջն ենք։
9 Վասն զի Քրիստոս ալ անոր համար մեռաւու ապրեցաւ, որ թէ՛ մեռելներուն եւ թէ՛ կենդանիներուն իշխէ։
10 Իսկ դուն ինչո՞ւ քու եղբայրդ կը դատես կամ դուն ինչո՞ւ քու եղբայրդ կ’անարգես. վասն զի ամէնքս ալ Քրիստոսին ատեանին առջեւ պիտի կանգնինք։
11 Վասն զի գրուած է. «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը, որ ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռի եւ ամէն լեզու Աստուած պիտի դաւանի»։
12 Ուրեմն մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար։
13 Ա՛լ զիրար չդատենք, հապա որոշենք մեր մտքերուն մէջ՝ խոչ կամ գայթակղութիւն չդնել ոեւէ եղբօր։
14 Ասիկա գիտեմ ու համոզուած եմ Տէր Յիսուսով, թէ բա՛ն մը ինքնիրմէ պիղծ չէ, բայց պիղծ է անոր, որ պիղծ կը նկատէ։
15 Իսկ եթէ կերակուրի համար եղբայրդ տրտմեցնես, սիրով վարուած չես ըլլար. քու կերակուրովդ մի՛ կորսնցներ զանիկա՝ որուն համար Քրիստոս մեռաւ։
16 Թող ձեր բարին չար խօսքերու նշաւակ չ’ըլլայ։
17 Վասն զի Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր ու խմելիք չէ, հապա արդարութիւն եւ խաղաղութիւն ու խնդութիւն Սուրբ Հոգիով։
18 Քանզի եթէ մէկը այս բաներով Քրիստոսին ծառայէ, անիկա Աստուծոյ հաճելի կ’ըլլայ ու մարդոցմէ կը գովուի։
19 Ուրեմն իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ շինութեամբ ապրինք։
20 Կերակուրի պատճառով Աստուծոյ գործը մի՛ քակէք։ Ամէն բան մաքուր է. միայն այն մարդուն գէշ է, որ ուրիշը կը գայթակղեցնէ։
21 Աղէկ է միս չուտել եւ գինի չխմել եւ ոեւէ բան չընել՝ որով քու եղբայրդ կրնայ իյնալ կամ գայթակղիլ, կամ տկարանալ։
22 Դուն հաւատք ունի՞ս. զանիկա քեզի պահէ Աստուծոյ առջեւ. երանի՜ անոր որ իր անձը չի դատապարտեր անով, որ ինք կ’ընդունի։
23 Բայց ան որ կը խղճահարուի, եթէ ուտէ՝ կը դատապարտուի, վասն զի հաւատքով չուտեր, քանզի ի՛նչ բան որ հաւատքով չէ՝ մեղք է։