ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 11

Ուստի կը հարցնեմ. «Միթէ Աստուած իր ժողովուրդը մերժե՞ց»։ Քա՛ւ լիցի. վասն զի ես ալ Իսրայէլացի եմ, Աբրահամին սերունդէն, Բենիամինին ցեղէն։
2 Աստուած չմերժեց իր ժողովուրդը որ ինք նախապէս ճանչցաւ։ Միթէ չէ՞ք գիտեր թէ Եղիային պատմութեանը մէջ գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ, երբ անիկա Իսրայէլին համար կը գանգատէր Աստուծոյ.
3 «Տէ՛ր, քու մարգարէներդ մեռցուցին ու քու սեղաններդ փլցուցին, միայն ես մնացեր եմ եւ իմ անձս ալ կը փնտռեն»։
4 Բայց ի՞նչ ըսաւ աստուածային պատասխանը. «Ինծի թողուցի եօթը հազար մարդիկ, որոնք Բահաղի ծնրադրութիւն չըրին»։
5 Հիմա ալ շնորհքով ընտրուած մնացորդ մը կայ։
6 Եւ եթէ շնորհքով, ուրեմն ա՛լ գործերէն չէ. ապա թէ ոչ՝ շնորհքը ա՛լ շնորհք չըլլար. իսկ եթէ գործերէն է, ա՛լ շնորհք չէ. ապա թէ ոչ գործը ա՛լ գործ չըլլար
7 Ուստի ի՞նչ. Իսրայէլ չհասաւ այն բանին որ կը փնտռէր։ Ընտրուածները հասան ու մնացածները կուրցան
8 (Ինչպէս գրուած է՝ ‘Աստուած անոնց թմրութեան ոգի տուաւ։ Աչքեր՝ որոնցմով պիտի չտեսնեն ու ականջներ՝ որոնցմով պիտի չլսեն’,) մինչեւ այսօր։
9 Եւ Դաւիթ կ’ըսէ. «Անոնց սեղանը իրենց որոգայթ ու որս եւ գայթակղութիւն ու հատուցում ըլլայ.
10 Անոնց աչքերը պիտի մթննան, որպէս զի չտեսնեն ու անոնց կռնակը միշտ վար պիտի ծռի»։
11 Ուրեմն կ’ըսեմ. «Միթէ անո՞ր համար անոնք յանցանք գործեցին որ կործանին»։ Քա՛ւ լիցի. հապա իրենց յանցանքովը հեթանոսներուն փրկութիւն եղաւ, որպէս զի անոնց նախանձը շարժէ։
12 Ուստի եթէ անոնց յանցանքը աշխարհի մեծութիւն եղաւ ու անոնց նուաստութիւնը՝ հեթանոսներուն մեծութիւն, ալ որչա՜փ աւելի անոնց լրութիւնը։
13 Բայց կ’ըսեմ ձեզի՝ հեթանոսներուդ՝ ‘Որովհետեւ հեթանոսներուն առաքեալն եմ, իմ պաշտօնս կը մեծարեմ.
14 Որպէս զի թերեւս իմ մարմինէս եղողներուն նախանձը շարժեմ ու անոնցմէ մէկ քանիները ապրեցնեմ’։
15 Վասն զի եթէ անոնց մերժուիլը աշխարհի հաշտութիւն է, հապա անոնց ընդունուիլը ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ ոչ՝ մեռելներէն կենդանանալ։
16 Արդ՝ եթէ երախայրին սուրբ է, նաեւ զանգուածը եւ եթէ արմատը սուրբ է, ուրեմն ճիւղերն ալ։
17 Եթէ այն ճիւղերէն մէկ քանիները կոտրտեցան ու դուն որ վայրենի ձիթենի էիր՝ անոնց վրայ պատուաստուեցար ու ձիթենիին արմատին եւ պարարտութեանը հաղորդ եղար,
18 Ճիւղերուն դէմ մի՛ պարծենար. իսկ եթէ պարծենաս, յիշէ թէ դուն արմատը վեր չես բռներ, հապա արմատը՝ քեզ։
19 Ուրեմն պիտի ըսես՝ ‘Ճիւղերը կոտրեցան որպէս զի ես պատուաստուիմ’։
20 Աղէ՛կ, անոնք անհաւատութիւնով կոտրեցան ու դուն հաւատքով հաստատուեցար։ Մի՛ հպարտանար, հապա վախցիր.
21 Վասն զի եթէ Աստուած բնական ճիւղերուն չխնայեց, գուցէ քեզի ալ չխնայէ։
22 Ուստի տե՛ս Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու խստութիւնը։ Կործանուածներուն վրայ՝ խստութիւնը եւ քու վրադ՝ քաղցրութիւնը, եթէ այն քաղցրութեան մէջ կենաս, ապա թէ ոչ դուն ալ պիտի կորսուիս։
23 Իսկ անոնք եթէ իրենց անհաւատութեանը մէջ չկենան, պիտի պատուաստուին, վասն զի Աստուած կարող է զանոնք նորէն պատուաստել։
24 Քանզի եթէ դուն քեզի բնական եղող վայրենի ձիթենիէն կտրուեցար ու այն բարի ձիթենիին վրայ, որ քեզի բնական չէր, պատուաստուեցար, ալ որչա՜փ աւելի անոնք որ բնական ճիւղեր են, պիտի պատուաստուին իրենց ձիթենիին վրայ։
25 Վասն զի չեմ ուզեր, եղբայրնե՛ր, որ չգիտնաք այս խորհուրդը, (որպէս զի ինքզինքնիդ իմաստուն չսեպէք,) որ Իսրայէլին մասամբ կուրութիւն եղաւ, մինչեւ հեթանոսներուն լրութիւնը մտնէ։
26 Այսպէս՝ բոլոր Իսրայէլ պիտի փրկուի. ինչպէս գրուած է՝ ‘Սիօնէն պիտի գայ Փրկիչը ու Յակոբէն ամբարշտութիւնները մէկդի պիտի դարձնէ’։
27 «Այս է իմ ուխտս անոնց, երբ անոնց մեղքերը վերցնեմ»։
28 Աւետարանին նայելով՝ անոնք թշնամի են ձեր սիրոյն համար. բայց ընտրութեանը նայելով՝ սիրելի են իրենց հայրերուն սիրոյն համար։
29 Վասն զի Աստուծոյ պարգեւներն ու կոչումը առանց զղջալու են։
30 Վասն զի ինչպէս դուք ալ ատեն մը Աստուծոյ չէիք հաւատար բայց հիմա ողորմութիւն գտաք անոնց անհաւատութիւնովը,
31 Նոյնպէս անոնք ալ հիմա անհաւատ եղան, որպէս զի ձեր ողորմութիւն գտնելովը՝ իրենք՝ ՝ ալ ողորմութիւն գտնեն։
32 Վասն զի Աստուած ամէնքն ալ անհաւատութեան մէջ արգիլեց, որպէս զի ամենուն ողորմի։
33 «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները։
34 Վասն զի ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, կամ ո՞վ անոր խորհրդակից եղաւ.
35 Կամ ո՞վ նախապէս անոր բան մը տուաւ, որ փոխարէնը իրեն տրուի»։
36 Վասն զի ամէն բաները անկէ ու անով եւ անոր համար են. իրեն փառք յաւիտեանս։ Ամէն։