ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 4

Ուրեմն ի՞նչ գտաւ Աբրահամ՝ մեր նահապետը՝ մարմնի կողմանէ։
2 Վասն զի եթէ Աբրահամ գործով արդարացած ըլլար, իրաւցընէ պարծանք պիտի ունենար, բայց ո՛չ թէ Աստուծոյ առջեւ։
3 Քանզի գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ. «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց եւ ան՝ իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ»։
4 Բայց ան որ գործ մը կ’ընէ, վարձքը շնորհքէ եղած չի սեպուիր անոր, հապա՝ շահուած։
5 Իսկ ան որ չի գործեր, բայց կը հաւատայ անոր որ ամբարիշտը կ’արդարացնէ, անոր հաւատքը իրեն արդարութիւն կը սեպուի։
6 Ինչպէս Դաւիթ ալ կը յիշէ այն մարդուն երանութիւնը, որուն Աստուած արդարութիւն կը սեպէ, առանց գործերու։
7 «Երանի՜ անոնց, կ’ըսէ, որոնց անօրէնութիւնները ներուեցան եւ որոնց մեղքերը ծածկուեցան։
8 Երանի՜ այն մարդուն, որուն մեղք չի սեպեր Տէրը»։
9 Ուստի այս երանութիւնը թլփատութեա՞ն վրայ է, թէ անթլփատութեան վրայ։ Քանզի կ’ըսենք թէ՝ ‘Հաւատքը Աբրահամին արդարութիւն սեպուեցաւ’։
10 Ուրեմն ի՞նչպէս սեպուեցաւ. թլփատութեա՞ն մէջ եղած ատենը, թէ անթլփատութեան մէջ։ Ո՛չ թէ թլփատութեան մէջ, հապա՝ անթլփատութեան։
11 Ու ետքը թլփատութեան նշանը առաւ՝ իբրեւ անթլփատութեան ատենէն ունեցած հաւատքին արդարութեան կնիքը, որպէս զի ինք հայր ըլլայ այն բոլոր հաւատացողներուն, որոնք անթլփատութենէ են, (անոնց ալ արդարութիւն սեպուելու համար,)
12 Եւ թլփատութեան հայր՝ ո՛չ թէ միայն թլփատութենէ եղողներուն, հապա անոնց ալ՝ որոնք մեր հօրը Աբրահամին անթլփատութեան ատենի հաւատքին շաւիղներուն մէջ կը քալեն։
13 Վասն զի Աբրահամին եւ անոր սերունդին՝ աշխարհը ժառանգելու համար տրուած խոստումը ո՛չ թէ օրէնքով եղաւ, հապա հաւատքին արդարութիւնովը։
14 Քանզի եթէ օրէնքէն եղողները ժառանգորդ ըլլային, հաւատքը փուճ պիտի ըլլար եւ խոստումը պիտի խափանուէր։
15 Վասն զի օրէնքը բարկութիւն կը գործէ. քանզի ուր օրէնք չկայ, օրինազանցութիւն ալ չկայ։
16 Ասոր համար ժառանգորդ ըլլալը հաւատքէն է, որպէս զի շնորհքով եղած ըլլայ, որ խոստումը հաստատուն ըլլայ բոլոր սերունդին։ Ո՛չ միայն անոր՝ որ օրէնքէն է, հապա անո՛ր ալ՝ որ Աբրահամին հաւատքէն է, որ մեր ամենուն հայրն է,
17 (Ինչպէս գրուած է թէ՝ ‘Քեզ շատ ազգերու հայր ըրի’,) Աստուծոյ առջեւ, որուն ինք հաւատաց, ան որ մեռելները կ’ողջնցնէ եւ չեղած բաները եղածներու պէս կը կանչէ։
18 Որ չյուսացուած բանին՝ յուսով հաւատաց՝ թէ ինք շատ ազգերու հայր պիտի ըլլայ, (ինչպէս ըսուեցաւ ալ, թէ՝ ‘Քու սերունդդ այսպէս պիտի ըլլայ’.)
19 Եւ ինք հաւատքի մէջ չտկարացած՝ չնայեցաւ իր մարմնին, որ արդէն մեռածի պէս էր, (որովհետեւ ինք հարիւր տարեկանի չափ էր,) ո՜չ ալ Սառայի արգանդին մեռած ըլլալուն։
20 Անհաւատութիւնով չտարակուսեցաւ Աստուծոյ խոստումին վրայ, հապա հաւատքով զօրացած՝ Աստուծոյ փառք տուաւ
21 Եւ իր մտքին մէջ հաստատ պահեց թէ՝ ան որ խօսք տուաւ, կարող է ընելու ալ։
22 Ասոր համար իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ։
23 Բայց ո՛չ միայն անոր համար գրուեցաւ, որ իրեն սեպուեցաւ.
24 Հապա մեզի համար ալ՝ որոնց պիտի սեպուի, որ կը հաւատանք Անոր որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը,
25 Որ մեր յանցանքներուն համար մատնուեցաւ եւ մեզ արդարացնելու համար յարութիւն առաւ։