ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ
Գլուխ 5
Արդ՝ մենք հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով
2 Որով ընդունեցինք հաւատքով, այս շնորհքին մօտենալը, որուն մէջ կեցեր ենք եւ Աստուծոյ փառքին յոյսովը կը պարծինք։
3 Ո՛չ միայն այսքան՝ հապա նաեւ նեղութիւններու մէջ կը պարծինք. վասն զի գիտենք թէ նեղութիւնը համբերութիւն կը գործէ
4 Եւ համբերութիւնը՝ փորձառութիւն ու փորձառութիւնը՝ յոյս.
5 Եւ յոյսը ամօթով չի ձգեր. վասն զի Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տրուեցաւ։
6 Վասն զի երբ մենք դեռ տկար էինք, յարմար ժամանակին Քրիստոս ամբարիշտներուն համար մեռաւ։
7 Վասն զի արդարի մը համար հազիւ կրնայ մէկը մեռնիլ. (Բայց բարի մարդու մը համար՝ կարելի է որ մէկը համարձակի մեռնիլ.)
8 Սակայն Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։
9 Քրիստոս մեզի համար մեռաւ. ուրեմն հիմա որ իր արիւնով արդարացանք, ո՜րչափ աւելի իրմով պիտի ազատինք բարկութենէն։
10 Վասն զի եթէ մեր թշնամի եղած ատենը Աստուծոյ հետ հաշտուեցանք իր Որդիին մահովը, ո՜րչափ աւելի մեր հաշտուած ատենը պիտի ապրինք անոր կեանքովը։
11 Եւ ոչ միայն այս, հապա Աստուծմով կը պարծենանք ալ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով որով հիմա հաշտութիւն ընդունեցինք։
12 Վասն զի ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին։
13 (Վասն զի մինչեւ օրէնքին ատենը աշխարհի մէջ մեղք կար, բայց մեղք չէր սեպուեր՝ քանի որ օրէնք չկար։
14 Սակայն մահը Ադամէն մինչեւ Մովսէս թագաւորեց, նաեւ Ադամին յանցանքին նման չմեղանչողներուն վրայ ալ, որ օրինակ էր անոր որ ետքը պիտի գար։
15 Բայց շնորհքը յանցանքին պէս չէ. վասն զի եթէ մարդու մը յանցանքովը շատեր մեռան, ալ որչա՜փ աւելի Աստուծոյ շնորհքը եւ այն պարգեւը որ Յիսուս Քրիստոսի՝ մէկ մարդուն՝ շնորհքովն է, շատերուն վրայ աւելցաւ։
16 Բայց ձրի պարգեւը այնպէս չէ, ինչպէս մէկին մեղքին արդիւնքը. վասն զի դատաստանը մէկ մեղքէն դատապարտութեան մէջ ձգեց, բայց շնորհքը շատ մեղքերէ արդարութեան տարաւ։
17 Վասն զի եթէ մէկ մարդու մեղքովը մահը թագաւորեց, ո՜րչափ աւելի անոնք որ շնորհքի ու արդարութեան պարգեւին առատութիւնը կ’առնեն, կեանքի մէջ պիտի թագաւորեն Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։)
18 Ուրեմն ինչպէս մէկուն յանցանքովը բոլոր մարդոց դատապարտութեան վճիռ եղաւ, այնպէս՝ մէկուն արդարութիւնովը բոլոր մարդոց կեանքի արդարութեան շնորհք եղաւ.
19 Վասն զի ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան։
20 Սակայն օրէնքը մէջտեղ ինկաւ որպէս զի յանցանքը շատնայ. բայց ուր աւելի եղաւ մեղքը, ա՛լ աւելի եղաւ շնորհքը.
21 Որպէս զի ինչպէս մեղքը թագաւորեց մահով, այնպէս շնորհքը թագաւորէ արդարութիւնով՝ մինչեւ յաւիտենական կեանքը մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։