ՄԻՔԻԱՅ

1 2 3 4 5 6 7


Գլուխ 1

Տէրոջը խօսքը, որ Յուդայի թագաւորներուն, Յովաթամին, Աքազին ու Եզեկիային օրերը Մօրստացի Միքիային եղաւ եւ Սամարիայի ու Երուսաղէմի վրայով անոր յայտնուեցաւ.
2 «Լսեցէ՛ք, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ, Մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ երկիր ու անոր բոլոր բնակիչներ՝ ՝։ Տէր Եհովան ձեզի դէմ վկայ ըլլայ, Տէրը՝ ինք իր սուրբ տաճարէն։
3 Քանզի ահա Տէրը իր տեղէն պիտի ելլէ Եւ պիտի իջնէ ու երկրի բարձր տեղերուն վրայ պիտի պտըտի։
4 Լեռները անոր տակ պիտի շարժին, Հովիտները պիտի հալին՝ Կրակին առջեւ հալած մոմի պէս Ու զարիվառէն թափուած ջուրի պէս։
5 Այս բոլորը պիտի ըլլան Յակոբին յանցանքին համար Ու Իսրայէլին տանը մեղքին համար։ Յակոբին յանցանքին պատճառը ո՞վ է. Սամարիան չէ՞։ Եւ Յուդային բարձր տեղերուն յանցանքին պատճառը ո՞վ է. Երուսաղէմը չէ՞։
6 Ուստի Սամարիան դաշտի քարակոյտի Ու այգի տնկելու տեղի պիտի վերածեմ, Անոր քարերը ձորին մէջ պիտի գլորեմ Ու անոր հիմերը պիտի բանամ։
7 Անոր բոլոր կուռքերը պիտի կոտրտին Ու անոր բոլոր նուիրուած բաները կրակով պիտի այրին։ Անոր բոլոր արձանները բնաջինջ պիտի ընեմ. Քանզի անոնք պոռնկատունի մը վարձքով հաւաքեց Ու անոնք պոռնկատուն պիտի դառնան։
8 Ասոր համար պիտի ողբամ ու պիտի հառաչեմ, Անծածկոյթ ու մերկ պիտի շրջիմ. Չագալներու պէս՝ կոծ ու ջայլամներու պէս՝ սուգ պիտի ընեմ։
9 Քանզի անոր վէրքերը անբուժելի են, Քանզի մինչեւ Յուդա եկաւ, Մինչեւ իմ ժողովուրդիս՝ դուռը, մինչեւ Երուսաղէմ հասաւ։
10 Գէթի մէջ մի՛ պատմէք ու բնաւ մի՛ լաք։ Բեթափրայի մէջ փոշիի մէջ թաւալէ։
11 Ո՛վ Սափիրի բնակիչ, քու մերկութիւնդ բանալով անցի՛ր. Սաանանի բնակիչ, դուրս մի՛ ելլեր, Բեթեսելի կոծը իր օթեւանը ձեզմէ պիտի հեռացնէ։
12 Վասն զի Մարօթի բնակիչները անձկութեամբ կը սպասեն, Քանզի մինչեւ Երուսաղէմի դուռը Տէրոջմէ չարիք իջաւ։
13 Երիվարը կառքին լծէ՛, ո՛վ Լաքիսի բնակիչ Սիօնի աղջկան մեղքին սկիզբը ասիկա է. Քանզի Իսրայէլի յանցանքները քու մէջդ գտնուեցան։
14 Անոր համար Մօրեսեթ-Գէթին ընծաներ պիտի տաս. Աքեզիբի տուները Իսրայէլի թագաւորներուն սուտ պիտի խօսին։
15 Տակաւին քեզի ժառանգ պիտի բերեմ, ո՛վ Մարեսայի բնակիչ. Իսրայէլի փառքը մինչեւ Ոդողոմ պիտի հասնի։
16 Քու սիրելի որդիներուդ համար մազերդ փետտէ՛ ու կտրէ՛, Կնտութիւնդ արծիւի պէս շատցուր, Քանզի անոնք քեզմէ գերութեան պիտի երթան։