ՄԻՔԻԱՅ
Գլուխ 6
Հիմա Տէրոջը ըսածը լսեցէ՛ք։ «Ելի՛ր ու լեռներուն առջեւ դատ վարէ՛ Եւ բլուրները քու ձայնդ թող լսեն»։
2 «Ո՛վ լեռներ ու երկրի ամուր հիմեր, Տէրոջը դատը լսեցէ՛ք, Քանզի Տէրը իր ժողովուրդին հետ դատ ունի Ու Իսրայէլին հետ պիտի վիճի»։
3 «Ո՛վ իմ ժողովուրդս, քեզի ի՞նչ ըրի Ու ի՞նչ բանով քեզ յոգնեցուցի. Ինծի պատասխան տո՛ւր,
4 Վասն զի քեզ Եգիպտոսէն հանեցի Ու ծառայութեան տունէն քեզ փրկեցի Եւ քու առջեւէդ Մովսէսը, Ահարոնն ու Մարիամը ղրկեցի։
5 Ո՛վ իմ ժողովուրդս, միտքդ բե՛ր Ինչ որ Մովաբացիներու Բաղակ թագաւորը խորհեցաւ Ու ինչ որ Բէովրեան Բաղաամը անոր պատասխանեց Եւ ինչ որ եղաւ Սատիմէն մինչեւ Գաղգաղա, Որպէս զի Տէրոջը արդարութիւնը գիտնաս»։
6 «Տէրոջը առջեւ ինչո՞վ երթամ Ու Բարձրեալ Աստուծոյն առջեւ իյնամ. Արդեօք անոր առջեւ ողջակէզներո՞վ, Մէկ տարեկան հորթերո՞վ երթամ։
7 Արդեօք Տէրը հազարաւոր խոյերու Կամ բիւրաւոր իւղի գետերու պիտի հաւնի՞. Արդեօք իմ յանցանքիս համար իմ անդրանի՞կս Ու հոգիիս մեղքին համար որովայնիս պտո՞ւղը տամ»։
8 Քեզի յայտնեց, ո՛վ մարդ, թէ ի՛նչ է աղէկը Ու Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, Բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել Ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել։
9 Տէրոջը ձայնը քաղաքին կը կանչէ Ու իմաստունը քու անունդ պիտի տեսնէ. «Գաւազանին մտիկ ըրէ՛ք, որ զայն կը պատրաստէ»։
10 Անօրէնին տանը մէջ տակաւին անօրէնութեան գանձեր կա՞ն Ու պակաս արդու՝ որ պիղծ է։
11 Միթէ անօրէնութեան կշիռներ Ու խարդախ քարերու քսակ ունեցողը մաքուր պիտի սեպե՞մ։
12 Քանզի անոր հարուստները զրկանքով լեցուն են Եւ անոր բնակիչները սուտ կը խօսին Ու իրենց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու ունին։
13 Ուստի ես ալ քեզ զարնելով պիտի հիւանդացնեմ Եւ քու մեղքերուդ համար քեզ պիտի ամայացնեմ։
14 Դուն պիտի ուտես ու պիտի չկշտանաս Եւ քու անօթութիւնդ փորիդ մէջ պիտի ըլլայ։ Պիտի յափշտակես, բայց պիտի չկարենաս ազատել Ու ազատածդ սուրի պիտի մատնեմ։
15 Դուն պիտի սերմանես, բայց պիտի չհնձես. Դուն ձիթապտուղ պիտի կոխես, բայց իւղով պիտի չօծուիս. Քաղցու պիտի պատրաստես, բայց գինի պիտի չխմես։
16 Քանզի Ամրիին հրամանները կը պահուին Եւ Աքաաբին տանը բոլոր գործերը Եւ դուք անոնց խորհուրդներովը կը քալէք, Որպէս զի քեզ ամայացնեմ Եւ քու բնակիչներդ՝ սուլելու ենթակայ. Ուստի իմ ժողովուրդիս նախատինքը պիտի կրէք»։