ՄԻՔԻԱՅ

1 2 3 4 5 6 7


Գլուխ 2

Վա՜յ անոնց, որ անօրէնութիւն կը խորհին Ու իրենց անկողիններուն մէջ չարութիւն կը մտածեն Եւ առաւօտեան լոյսին ատենը զանոնք կը գործադրեն, Քանզի իրենց ձեռքերուն մէջ ոյժ կայ։
2 Անոնք ագարակներու կը ցանկան ու զանոնք կը յափշտակեն, Տուներու՝ զանոնք կ’առնեն։ Մարդուն՝ իր տանը, Մարդուն ու իր ժառանգութեանը զրկանք կ’ընեն։
3 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես ձեր ազգին համար չարիք կը խորհիմ, Ուրկէ պիտի չկրնաք ձեր պարանոցը հանել Ու պիտի չկրնաք հպարտութեամբ քալել, Վասն զի ժամանակը չար է։
4 Այն օրը ձեր վրայ առակ պիտի շինեն Ու դառն ողբով պիտի ողբան ու ըսեն. ‘Բոլորովին յափշտակուեցանք. Իմ ժողովուրդիս բաժինը փոխեց, Զանիկա ի՜նչպէս ինծմէ վերցուց. Մեր ագարակները ետ տալու տեղ՝ բաժնեց’»։
5 Անոր համար Տէրոջը ժողովին մէջ Վիճակով լար քաշող մը պիտի չունենաս։
6 Մարգարէութիւն ընողներուն՝ «Մարգարէութիւն մի՛ ընէք», կ’ըսեն. «Անոնց մարգարէութիւն պիտի չընեն, քանզի նախատինքը պիտի չվերնայ»։
7 Ո՛վ Յակոբի տուն, միթէ Տէրոջը հոգին կարճցա՞ւ, Անոր գործերը ասո՞նք են. Միթէ իմ խօսքերս ուղղութեամբ քալողին աղէկ չե՞ն։
8 Իմ ժողովուրդս շատոնց ոտքի ելաւ թշնամի ըլլալու համար։ Ապահովութեամբ անցնողներէն, պատերազմի դարձողներէն Հանդերձներուն վրայէն պատմուճանը կը կողոպտէք։
9 Իմ ժողովուրդիս կիները իրենց զուարճալի տուներէն կը վռնտէք, Անոնց տղաքներէն իմ փառքս կ’առնէք յաւիտեան։
10 Ելէ՛ք ու գացէ՛ք, Քանզի ասիկա հանգստութեան տեղ չէ։ Պիղծ ըլլալուն պատճառով Մեծ կործանումով բնաջինջ պիտի ըլլայ։
11 Եթէ մարդ մը հովի եւ ունայնութեան ետեւէ երթայ Ու ստութիւն խօսի՝ ըսելով՝ «Գինիի ու օղիի համար քեզի մարգարէութիւն ընեմ», Անիկա պիտի ըլլայ այս ժողովուրդին մարգարէն։
12 Ո՜վ Յակոբ, ամէնքդ անշուշտ պիտի հաւաքեմ, Իսրայէլի մնացորդը պիտի հաւաքեմ, Բօսրայի ոչխարներուն պէս, Իրենց փարախին մէջ եղող հօտերուն պէս, մէկտեղ պիտի բերեմ։ Մարդոց բազմութեանը համար աղմուկ պիտի ըլլայ։
13 Խրամատ բացողը անոնց առջեւ ելաւ։ Անոնք խրամատ բացին ու դռնէն անցան եւ անկէ ելան։ Անոնց թագաւորը անոնց առջեւ անցաւ։ Տէրը՝ իբրեւ անոնց գլուխը՝ առջեւէն կ’երթար։