ՄԻՔԻԱՅ

1 2 3 4 5 6 7


Գլուխ 3

Ու ըսի. «Հիմա լսեցէ՛ք, ո՛վ Յակոբի գլխաւորներ Ու Իսրայէլի տանը իշխաններ. Պէտք չէ՞ որ դուք իրաւունքը ճանչնաք,
2 Դուք որ աղէկութիւնը կ’ատէք ու չարութիւնը կը սիրէք, Մարդոց վրայէն մորթերն ու անոնց ոսկորներէն միսերը կը հանէք։
3 Անոնք, որ իմ ժողովուրդիս միսը կ’ուտեն, Անոնց վրայէն մորթերը կը հանեն, Անոնց ոսկորները կը փշրեն, Զանոնք պտուկի մէջ ու կաթսայի մէջ եփելու միսի պէս կտոր կտոր կ’ընեն,
4 Այն ատեն Տէրոջը պիտի աղաղակեն, Բայց անոնց պատասխան պիտի չտայ Ու այն ժամանակ իր երեսը անոնցմէ պիտի ծածկէ, Վասն զի անոնք չար գործեր ըրին։
5 Այսպէս կ’ըսէ Տէրը այն մարգարէներուն համար, Որոնք իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն, Իրենց ակռաներովը կը խածնեն, Խաղաղութիւն կը քարոզեն, Անոնց բերանը բան չեն դներ, Բայց անոր դէմ պատերազմ կը հրատարակեն։
6 Անոր համար ձեզի գիշեր պիտի ըլլայ, Որպէս զի տեսիլք չտեսնէք։ Ձեզի խաւար պիտի ըլլայ, Որպէս զի գէշութիւն չընէք։ Մարգարէներուն վրայ արեւը պիտի մտնէ, Անոնց վրայ օրը պիտի խաւարի,
7 Տեսանողները պիտի ամչնան, Գուշակողները ամօթով պիտի ըլլան. Ամէնքն ալ իրենց շրթունքը պիտի ծածկեն, Վասն զի Աստուծմէ պատասխան մը պիտի չըլլայ։
8 Սակայն ես Տէրոջը Հոգիովը՝ Զօրութեամբ, դատաստանով եւ արիութեամբ լեցուած եմ, Որպէս զի Յակոբին իր յանցանքը Ու Իսրայէլին իր մեղքը յայտնեմ։
9 Հիմա ասիկա լսեցէ՛ք, Ո՛վ Յակոբի տանը գլխաւորներ Ու Իսրայէլի տանը իշխաններ, Դուք որ իրաւունքէն կը զզուիք, Ամէն ուղղութիւն կը ծռէք,
10 Սիօնը՝ արիւններով, Երուսաղէմը անիրաւութեամբ կը շինէք։
11 Անոր գլխաւորները կաշառքով կը դատեն, Անոր քահանաները վարձքով կը սորվեցնեն, Անոր մարգարէները ստակով գուշակութիւն կ’ընեն։ Տէրոջը վրայ կը կռթնին ու կ’ըսեն. «Չէ՞ որ Տէրը մեր մէջ է. Մեր վրայ չարիք պիտի չգայ»։
12 Ուրեմն ձեր պատճառով Սիօն ագարակի պէս պիտի հերկուի, Երուսաղէմ՝ աւերակներու դէզեր, Տէրոջը տանը լեռը անտառի բարձր տեղերու պէս պիտի ըլլայ։