ՄԻՔԻԱՅ

1 2 3 4 5 6 7


Գլուխ 5

Հիմա, ո՛վ ամրութեան աղջիկ, քեզ ամրացուր. Մեզ պաշարած են։ Գաւազանով պիտի զարնեն Իսրայէլի դատաւորին ծնօտին։
2 Եւ դո՛ւն, ո՛վ Բեթլէհէմ Եփրաթա, Թէեւ Յուդայի հազարաւորներուն մէջ պզտիկ ես, Բայց քեզմէ պիտի ելլէ Ան, որ Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլայ։ Ու անոր ելքը հինէն, յաւիտենական օրերէն է։
3 Անոր համար անոնց ձեռք պիտի տայ՝ Մինչեւ ծնանողին ծնանելու ժամանակը Եւ անոր եղբայրներուն մնացորդը Իսրայէլի որդիներուն պիտի դառնայ։
4 Անիկա պիտի կենայ ու Տէրոջը զօրութիւնովը Եւ իր Տէր Աստուծոյն անուանը մեծավայելչութիւնովը պիտի հովուէ։ Անոնք պիտի բնակին. Քանզի հիմա մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի մեծնայ։
5 Անիկա խաղաղութիւն պիտի բերէ, Երբ Ասորեստանցին մեր երկիրը մտնէ Ու մեր պալատներուն մէջ ոտք կոխէ, Անոր դէմ եօթը հովիւ Եւ ութը իշխաններ պիտի հանենք։
6 Անոնք Ասորեսատանը սուրով Ու Նեբրովթը իր դռներուն մէջ պիտի սպառեն։ Անիկա մեզ պիտի ազատէ Ասորեստանցիներէն, Երբ անոնք մեր երկիրը մտնեն Ու մեր սահմաններուն մէջ ոտք կոխեն։
7 Յակոբին մնացորդը շատ ժողովուրդներուն մէջ Ցօղի պէս պիտի ըլլայ, որ Տէրոջմէ կու գայ Եւ շաղի պէս, որ կանանչ խոտի վրայ կ’իջնէ. Որ մարդէ չի սպասեր Ու մարդու որդիներէն չի յուսար։
8 Յակոբին մնացորդը ազգերու մէջ, Շատ ժողովուրդներու մէջ այնպէս պիտի ըլլայ, Ինչպէս առիւծ մը՝ անտառի գազաններուն մէջ, Կամ առոյգ առիւծ մը՝ ոչխարներու հօտերուն մէջ, Որ եթէ անցնի՝ կը կոխկռտէ ու կը պատառէ Եւ ազատող մը չըլլար։
9 Քու ձեռքդ քու հակառակորդներուդ վրայ պիտի բարձրանայ Ու բոլոր թշնամիներդ պիտի կոտրտին։
10 «Եւ այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Քու ձիերդ քու մէջէդ բնաջինջ պիտի ընեմ, Քու կառքերդ պիտի կորսնցնեմ.
11 Քու երկրիդ քաղաքները բնաջինջ պիտի ընեմ, Բոլոր պարիսպներդ պիտի փլցնեմ.
12 Քու ձեռքէդ կախարդութիւնները բնաջինջ պիտի ընեմ, Ա՛լ գուշակութիւն ընողներ պիտի չունենաս։
13 Քու մէջէդ քու կուռքերդ Ու արձաններդ բնաջինջ պիտի ընեմ Ու ա՛լ քու ձեռքերուդ գործերուն երկրպագութիւն պիտի չընես։
14 Քու մէջէդ Աստարովթի կուռքերը պիտի կործանեմ Ու քու քաղաքներդ պիտի աւերեմ։
15 Ինծի մտիկ չընող ազգերէն Սրտմտութեամբ ու բարկութեամբ վրէժ պիտի առնեմ»։