ՅՈՎՆԱՆՈՒ

1 2 3 4


Գլուխ 4

Յովնան խիստ վշտացաւ ու նեղուեցաւ
2 Ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր, երբ ես դեռ իմ երկիրս էի, այսպէս չըսի՞։ Ասոր համար Թարսիս փախայ, քանզի գիտէի թէ դուն ողորմած, գթած, երկայնամիտ եւ բազումողորմ Աստուած ես ու չարիքի համար կը ցաւիս։
3 Եւ հիմա ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, իմ հոգիս ինծմէ ա՛ռ, քանզի մեռնիլս ապրելէս աղէկ է»։
4 Տէրը ըսաւ. «Միթէ այդպէս նեղանալովդ աղէ՞կ կ’ընես՝ ՝»։
5 Յովնան քաղաքէն դուրս ելաւ ու քաղաքին արեւելեան կողմը նստաւ եւ հոն իրեն տաղաւար մը շինեց ու անոր հովանիին տակ նստաւ, մինչեւ որ տեսնէ թէ քաղաքին ի՞նչ պիտի պատահի։
6 Տէր Աստուած դդմենիի մը հրամայեց, որ Յովնանին վրայ ելլէ եւ անոր գլխուն վրայ հովանի ըլլայ, որպէս զի անիկա իր տառապանքէն ազատէ։ Եւ Յովնան դդմենիին համար չափազանց ուրախացաւ։
7 Հետեւեալ օրը, առտուն, Աստուած հրամայեց որդի մը, որ դդմենիին զարնէ ու անիկա չորցաւ։
8 Երբ արեւը կը ծագէր, Աստուած խորշակաբեր արեւելեան հովի մը հրամայեց ու արեւը Յովնանի գլխուն զարկաւ, այնպէս որ անիկա մարեցաւ ու իրեն մահը ուզելով՝ ըսաւ. «Մեռնիլս ապրելէս աղէկ է»։
9 Եւ Աստուած Յովնանին ըսաւ. «Միթէ դդմենիին համար նեղանալովդ աղէ՞կ կ’ընես»։ Անիկա ըսաւ. «Մեռնելու չափ նեղանալովս աղէկ կ’ընեմ»։
10 Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Դուն դդմենիին խղճացիր, որուն համար աշխատութիւն չքաշեցիր ու զանիկա չմեծցուցիր, որ մէկ գիշերուան մէջ բուսաւ ու մէկ գիշերուան մէջ կորսուեցաւ։
11 Ես պիտի չխղճա՞մ Նինուէին, այն մեծ քաղաքին, որուն մէջ հարիւր քսան հազարէն աւելի մարդիկ կան, որոնք աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը չեն գիտեր ու նաեւ շատ անասուններ»։