ՅՈՎՆԱՆՈՒ
Գլուխ 3
Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Յովնանին եղաւ՝ ըսելով.
2 «Ելի՛ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՛ ու տո՛ւր անոր այն պատգամը, որ ես քեզի կը յայտնեմ»։
3 Եւ Յովնան Տէրոջը խօսքին համեմատ ելաւ Նինուէ գնաց։ Նինուէ խիստ մեծ քաղաք մըն էր՝ երեք օրուան ճամբու տարածութեամբ։
4 Յովնան քաղաքը մտաւ ու մէկ օրուան ճամբայ պտըտելով՝ կը քարոզէր ու կ’ըսէր. «Դեռ քառասուն օր կայ եւ Նինուէն պիտի կործանի»։
5 Նինուէացիները Աստուծոյ հաւատալով՝ ծոմապահութիւն քարոզեցին ու մեծէն մինչեւ պզտիկը քուրձ հագան։
6 Այս խօսքը Նինուէի թագաւորին հասաւ։ Անիկա իր աթոռէն ելաւ ու վրայէն պատմուճանը հանեց եւ քուրձ հագաւ ու մոխիրի վրայ նստաւ
7 Եւ Նինուէի մէջ մունետիկ կանչել տուաւ ու թագաւորին ու իր մեծամեծներուն հրամանովը պատուիրեց՝ ըսելով. «Մարդ ու անասուն, արջառ ու ոչխար թող բան չուտեն, չարածին ու ջուր չխմեն
8 Եւ մարդիկ ու անասուններ քուրձ թող հագնին ու բոլոր ուժով Աստուծոյ թող աղաղակեն։ Ամէն մարդ իր չար ճամբայէն ու իր ձեռքերուն մէջ եղած անիրաւութենէն թող դառնայ.
9 Ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած դառնայ ու գթայ եւ իր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ ու չկորսուինք»։
10 Աստուած անոնց գործերը տեսաւ, որ իրենց չար ճամբաներէն դարձան, ուստի Աստուած գթաց ու այն չարիքը, որ անոնց վրայ պիտի բերէր, չբերաւ։