ՅՈՎՆԱՆՈՒ

1 2 3 4


Գլուխ 2

Յովնան ձուկին փորէն իր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրաւ
2 Ու ըսաւ. «Իմ նեղութենէս Տէր, քեզի աղաղակեցի Եւ դուն ինծի պատասխան տուիր։ Գերեզմանին փորէն կանչեցի Ու իմ ձայնս լսեցիր։
3 Վասն զի զիս ծովերուն մէջ, անդունդը նետեցիր Ու հեղեղները զիս պաշարեցին. Կոհակներն ու ալիքները իմ վրայէս անցան»։
4 Ու ես ըսի. «Քու աչքերուդ առջեւէն վռնտուեցայ, Բայց տակաւին քու սուրբ տաճարիդ պիտի նայիմ»։
5 Զիս մինչեւ հոգիս ջուրերը պաշարեցին, Անդունդը ամէն կողմէն զիս շրջապատեց, Կնիւները գլուխս փաթթուեցան։
6 Լեռներուն տակերը իջայ, Երկիրը իր նիգերովը իմ բոլորտիքս էր, Բայց դուն իմ կեանքս գուբէն հանեցիր, Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։
7 Երբ հոգիս իմ մէջս մարեցաւ, Տէ՛ր, քեզ յիշեցի Ու իմ աղօթքս քեզի՝ քու սուրբ տաճարդ՝ հասաւ։
8 Սուտ ունայնութիւններու նայողները Իրենց ողորմութիւնը թողուցին,
9 Բայց ես շնորհակալութեան ձայնով քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ Ու ըրած ուխտս պիտի կատարեմ։ Փրկութիւնը Տէրոջմէն է»։
10 Եւ Տէրը ձուկին հրաման ըրաւ, ան ալ Յովնանը ցամաքը փսխեց։