ԵՓԵՍԱՑԻՍ

1 2 3 4 5 6


Գլուխ 6

Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը։
2 Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով,)
3 Որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ։
4 Եւ դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը։
5 Ծառանե՛ր, հնազանդ եղէ՛ք ձեր մարմնաւոր տէրերուն ահով ու դողով՝ ձեր սրտին միամտութիւնովը, որպէս թէ Քրիստոսին։
6 Ո՛չ թէ մարդահաճոյի պէս աչքի առջեւ ծառայելով, հապա Քրիստոսի ծառաներու պէս՝ սրտանց Աստուծոյ կամքը ընելով.
7 Յօժարութեամբ ծառայելով որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց.
8 Գիտնալով որ ամէն մէկը ինչ բարիք որ ընէ, նոյնը Տէրոջմէն պիտի ընդունի, թէ՛ ծառայ ըլլայ եւ թէ՛ ազատ։
9 Դուք ալ, տէրե՛ր, նոյնը ըրէք անոնց ու սպառնալիքը մոռցէ՛ք, գիտնալով թէ անոնց ալ, ձեր ալ Տէրը երկինքն է ու անոր քով աչառութիւն չկայ։
10 Ալ ասկէ յետոյ, եղբա՛յրներս, զօրացէ՛ք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը։
11 Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել։
12 Վասն զի մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին՝ ՝ իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ։
13 Ասոր համար ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք չարութեան օրը դէմ դնել
14 Ու ամէն բան լմնցնելէ յետոյ՝ հաստատուն կայնիլ։ Ուստի ձեր տեղը կայնեցէք, մէջքերնիդ ճշմարտութեամբ ամրացնելով ու արդարութեան զրահը հագնելով
15 Ու ոտքերնուդ ամրացուցէ՛ք խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը
16 Եւ ամէն բանի վրայ հաւատքին վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել
17 Եւ փրկութեան սաղաւարտը առէ՛ք ու Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է։
18 Աղօթքով ու խնդրուածքով ամէն ատեն աղօթք ըրէք Հոգիով ու այս բանին վրայ հսկեցէ՛ք կատարեալ յարատեւութեամբ ու աղաչանքով՝ բոլոր սուրբերուն համար,
19 Ինծի համար ալ, որպէս զի ինծի խօսք տրուի, որ բերանս բանամ համարձակութեամբ աւետարանին խորհուրդը յայտնելու.
20 Որուն համար ես դեսպանութիւն կ’ընեմ կապանքովս, որպէս զի անով համարձակութիւն ունենամ խօսելու՝ ինչպէս պէտք է։
21 Բայց որպէս զի դուք ալ գիտնաք իմ վրայովս՝ թէ ի՞նչ կ’ընեմ ես, ամէն բան պիտի ցուցնէ ձեզի Տիւքիկոս սիրելի եղբայրը ու հաւատարիմ պաշտօնեան՝ Տէրոջմով.
22 Որ յատկապէս այդ բանին համար ձեզի ղրկեցի, որպէս զի լուր ունենաք մեր մասին ու ինք ձեր սրտերը մխիթարէ։
23 Խաղաղութիւն եղբայրներուն եւ սէր հաւատքով մէկտեղ Հօր Աստուծմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
24 Շնորհք այն ամենուն հետ՝ որոնք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը անկեղծութեամբ կը սիրեն։ Ամէն։