ԵՓԵՍԱՑԻՍ
Գլուխ 3
Ուստի ես՝ Պօղոսս՝ Յիսուս Քրիստոսին բանտարկեալը ձեզի հեթանոսներուդ համար,
2 Անշուշտ լսած էք թէ Աստուծոյ շնորհքին տնտեսութիւնը, որ ինծի տրուած է ձեզի համար,
3 Թէ այն խորհուրդը յայտնութիւնով ցուցուեցաւ ինծի. (ինչպէս նախապէս ալ ձեզի համառօտաբար գրեցի,
4 Որը կրնաք կարդալ ու հասկնալ թէ ես տեղեակ եմ Քրիստոսին խորհուրդին.)
5 Եւ որ ուրիշ դարերու մէջ մարդոց որդիներուն չերեւցաւ, ինչպէս հիմա Սուրբ Հոգիով յայտնուեցաւ իր սուրբ առաքեալներուն ու մարգարէներուն.
6 Որպէս զի հեթանոսները Քրիստոսով ժառանգակից ու մարմնակից եւ անոր խոստումին հաղորդ ըլլան աւետարանով.
7 Որուն ես սպասաւոր եղայ՝ Աստուծոյ շնորհքին պարգեւին համեմատ՝ որ ինծի տրուեցաւ իր զօրութեան ներգործութիւնովը,
8 (Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն փոքրագոյնն եմ, այս շնորհքը տրուեցաւ,) հեթանոսներուն մէջ Քրիստոսին անքննելի ճոխութիւնը քարոզելու
9 Եւ ամէնքը լուսաւորելու, որպէս զի գիտնան թէ ի՛նչ է այն խորհուրդին անօրէնութիւնը՝ որ յաւիտեանս ծածկուած էր Աստուծոյ քով, որ ամէն բան ստեղծեց.
10 Որպէս զի հիմա Աստուծոյ բազմատեսակ իմաստութիւնը եկեղեցիին ձեռքով յայտնի ըլլայ երկինքը եղող իշխանութիւններուն ու պետութիւններուն,
11 Իր յաւիտենական նախասահմանութեանը համեմատ, որ ըրաւ մեր Տէրոջը Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով.
12 Որով մենք ալ համարձակութիւն ու մօտենալու արտօնութիւն ունինք վստահութեամբ՝ իրեն հաւատալով։
13 Ուստի կ’աղաչեմ որ չձանձրանաք իմ նեղութիւններուս պատճառաւ, որոնք ձեզի համար են եւ որոնք ձեր փառքն են։
14 Ասոր համար ծունկի վրայ գալով մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հօրը առջեւ,
15 Ուրկէ ամէն ազգատոհմ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ անուն կ’առնէ,
16 Կ’աղաչեմ որ տայ ձեզի իր փառքին ճոխութեանը չափովը որ Հոգիին զօրութիւնով հաստատուի ներսի մարդուն մէջ.
17 Որպէս զի Քրիստոս՝ հաւատքով ձեր սրտերուն մէջ բնակի եւ դուք սիրով արմատանաք ու հաստատուիք,
18 Որպէս զի կարենաք հասկնալ բոլոր սուրբերուն հետ մէկտեղ, թէ ի՞նչ է լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը.
19 Այսինքն ճանչնալ Քրիստոսին սէրը, որ գիտութենէն գերազանց է, որպէս զի լեցուիք Աստուծոյ լրութիւնովը։
20 Ան որ կարող է աւելի առատացնել ամէն բան քան որ մենք կը խնդրենք կամ կը խորհինք, այն զօրութիւնովը որ մեր մէջ կը ներգործուի,
21 Իրեն փառք եկեղեցիին մէջ Քրիստոս Յիսուսով բոլոր դարերուն մէջ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։