ԵՓԵՍԱՑԻՍ

1 2 3 4 5 6


Գլուխ 1

Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը Աստուծոյ կամքովը՝ Եփեսոսի մէջ եղած սուրբերուն եւ Յիսուս Քրիստոսին հաւատացողներուն.
2 Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի՝ Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
3 Օրհնեալ է Աստուած եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը, որ մեզ օրհնեց ամէն հոգեւոր օրհնութիւններով՝ երկնաւորներուն մէջ՝ Քրիստոսով.
4 Ինչպէս մեզ անով աշխարհի սկիզբէն առաջ ընտրեց, որպէս զի մենք սիրով սուրբ ու անարատ ըլլանք իր առջեւ։
5 Առաջուընէ Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով մեզ իրեն որդեգիր ըլլալու սահմանեց իր կամքին հաճութեանը պէս,
6 Իր փառաւոր շնորհքին գովութեանը համար, որով մեզ զարդարեց Սիրելիին ձեռքով.
7 Որով փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն՝ իր շնորհքին ճոխութեան չափովը,
8 Որ մեր վրայ աւելցուց իմաստութեամբ ու գիտութեամբ,
9 Մեզի յայտնելով իր կամքին խորհուրդը՝ իր հաճութեանը պէս, որ իր մէջ՝ ՝ նախասահմաներ էր.
10 Որպէս զի ժամանակներուն լրանալուն տնտեսութեանը մէջ ամէն բան բովանդակէ Քրիստոսով, ինչ որ երկինքը ու ինչ որ երկրի վրայ կայ։
11 Անով՝ մենք ալ ժառանգութիւն առինք, որ որոշուած էր անոր նախասահմանութիւնովը, որ ամէն բան իր կամքին խորհուրդովը կը գործադրուի։
12 Որպէս զի մենք անոր փառքին գովութիւն ըլլանք՝ առաջուընէ Քրիստոսին յուսացողներս.
13 Որուն վրայ դուք ալ յուսացիք՝ երբ լսեցիք ճշմարտութեան խօսքը, ձեր փրկութեան աւետարանը, որուն հաւատալով՝ խոստացեալ Սուրբ Հոգիին շնորհքովը կնքուեցաք.
14 Որը մեր ժառանգորդ ըլլալուն գրաւականն է մինչեւ սեփականութիւնը դարձնենք իր փառքին գովութեանը համար։
15 Ուստի ես ալ, երբ լսեցի Տէր Յիսուսին վրայ ունեցած հաւատքնիդ ու բոլոր սուրբերուն վրայ ձեր ունեցած սէրը,
16 Չդադրեցայ ձեզի համար գոհութիւն մատուցանելէ՝ ձեզ իմ աղօթքներուս մէջ յիշելով.
17 Որպէս զի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Աստուածը՝ փառաց Հայրը՝ տայ ձեզի իմաստութեան ու յայտնութեան հոգին իր գիտութիւնովը։
18 Որպէս զի սրտերնուդ աչքերը լուսաւորուելով՝ գիտնաք թէ ի՞նչ է անոր ձեզ կանչելուն յոյսը ու ի՞նչ է անոր ժառանգութեանը փառքին ճոխութիւնը սուրբերուն մէջ
19 Եւ ի՞նչ է իր զօրութեան գերազանց մեծութիւնը հաւատացեալներուս մէջ՝ իր կարող զօրութեանը գործադրութիւնովը,
20 Որ Քրիստոսին վրայ ի գործ դրաւ, երբ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց ու նստեցուց իր աջ կողմը երկնքի մէջ
21 Ամէն իշխանութեան ու պետութեան եւ զօրութեան ու տէրութեան վրայ եւ ամէն անունի վրայ որ կը տրուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա գալիքին մէջ ալ
22 Եւ ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուց եւ զանիկա որպէս եկեղեցիին գլուխը դրաւ բոլոր բաներուն վրայ։
23 Եկեղեցին անոր մարմինն է, անոր լրումը՝ որ կը լեցնէ ամէնը ամէն բանի մէջ։