ԵՓԵՍԱՑԻՍ
Գլուխ 4
Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի՝ ես որ Տէրոջը համար կապուած եմ, որ դուք այնպէս քալէք՝ ինչպէս կը վայլէ այն կոչումին որով կանչուեցաք,
2 Լման խոնարհութիւնով ու հեզութիւնով, երկայնմտութեամբ, սիրով իրարու ներողամիտ ըլլալով.
3 Ջանալով Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել.
4 Մէկ մարմին ու մէկ հոգի, ինչպէս կանչուեցաք ձեր կոչումին մէկ յոյսովը.
5 Տէրը մէկ է, հաւատքը մէկ, մկրտութիւնը մէկ.
6 Մէկ է Աստուած եւ ամենուն Հայրը, որ ամենուն վրայ ու ամենուն հետ եւ ձեր ամենուն մէջն է։
7 Բայց մեր ամէն մէկուն ալ շնորհք տրուած է Քրիստոսին պարգեւին չափովը։
8 Անոր համար կ’ըսէ. «Բարձրը ելաւ, գերութիւնը գերի բռնեց ու մարդոց պարգեւներ տուաւ»։
9 Այս «Ելաւ» ըսելը ի՞նչ է, ըսել է թէ՝ ինք առաջ երկրի վարի կողմերը իջաւ։
10 Ան որ իջաւ՝ նոյն ինքն է, որ բոլոր երկինքներէն վեր ելաւ, որպէս զի ամէն բան լեցնէ։
11 Եւ ինք մէկ քանին տուաւ առաքեալներ ըլլալու, մէկ քանին՝ մարգարէներ, մէկ քանին՝ աւետարանիչներ, մէկ քանին՝ հովիւներ ու վարդապետներ.
12 Սուրբերուն կատարելութեանը համար, պաշտօնին գործին համար, Քրիստոսին մարմնին շինութեանը համար.
13 Մինչեւ ամէնքս ալ հասնինք հաւատքին ու Աստուծոյ Որդին ճանչնալուն միաբանութեանը, կատարեալ մարդ ըլլալու, Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու.
14 Որպէս զի ա՛լ ասկէ յետոյ տղայ չըլլանք, երերած ու վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին տարուբերուած՝ մարդոց խաբէութիւնովը, որոնք խորամանկութեամբ կը խաբեն մոլորեցնելու.
15 Հապա սիրով ճշմարտութեան հետեւելով՝ ամէն բան Անով աճեցնենք որ գլուխ է, այսինքն Քրիստոս.
16 Որմէ բոլոր մարմինը մէկտեղ կազմուած եւ բոլոր յօդուածները իրարու հաղորդուելով կցուած՝ ամէն մէկ մասին չափով ներգործելով՝ սիրով մարմնին աճում կու տայ իրեն շինութեանը համար։
17 Ուստի կ’ըսեմ ու Տէրոջմով կը վկայեմ, որ դուք անգամ մըն ալ այնպէս չքալէք, ինչպէս ուրիշ հեթանոսներ կը քալեն իրենց մտքին ունայնութեանը մէջ.
18 Որոնց իմացականութիւնը խաւարած է ու օտարացած են Աստուծոյ կեանքէն, իրենց մէջ եղած տգիտութեան պատճառով եւ իրենց սրտին կուրութեանը համար.
19 Որոնք անզգայ ըլլալով՝ ինքզինքնին ագահութիւնով անառակութեան տուին, ամէն կերպ պղծութիւն գործելու։
20 Բայց դուք այսպէս չսորվեցաք Քրիստոսը,
21 Թէեւ անոր վրայով լսեցիք եւ անկէ սորվեցաք, թէ ճշմարտութիւնը Յիսուսին մէջ է,
22 Որպէս զի ձեր վրայէն հանէք այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը, որ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած էր
23 Եւ ձեր մտքով ու հոգիով նորոգուիք
24 Եւ նոր մարդը ձեր վրայ հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է։
25 Ուստի ստութիւնը մէկդի ձգելով՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէք ամէն մէկդ իր ընկերին, վասն զի մենք իրարու անդամներ ենք։
26 Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ։
27 Ու Սատանային՝ տեղի մի՛ տաք։
28 Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ. այլ մանաւանդ աղէկ գործի մը պարապելով՝ իր ձեռքերովը աշխատի, որպէս զի կարող ըլլայ տալ կարօտ եղողին։
29 Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ, հապա ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէս զի լսողներուն շնորհք տայ։
30 Եւ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին մի՛ տրտմեցնէք, որով դուք կնքուեցաք փրկութեան օրուանը համար։
31 Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ։
32 Եւ իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի։