ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ
Գլուխ 1
Պօղոս եւ Տիմոթէոս, Յիսուս Քրիստոսին ծառաները, Քրիստոս Յիսուսով բոլոր սուրբերուն, որոնք Փիլիպպէի կողմերն են՝ եպիսկոպոսներով ու սարկաւագներով.
2 Շնորհք ու խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէն՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
3 Կը գոհանամ իմ Աստուծմէս ամէն անգամ որ ձեզ կը յիշեմ,
4 (Միշտ ամէն խնդրուածքիս մէջ ձեր ամենուն համար ուրախութեամբ աղօթք կ’ընեմ,)
5 Աւետարանին հաղորդ ըլլալնուդ համար առաջին օրէն մինչեւ հիմա.
6 Այս մասին վստահ ըլլալով՝ թէ ան որ ձեր մէջ բարի գործ մը սկսաւ, մինչեւ Յիսուս Քրիստոսին օրը պիտի կատարէ։
7 Կ’արժէ որ ձեր ամենուն մասին այսպէս խորհիմ՝ ձեզ իմ սրտիս մէջ ունենալուս՝ ՝ համար իմ կապերուս մէջ եւ աւետարանին ջատագովութեանը ու հաստատութեանը մէջ եւ ամէնքդ ինծի եղած շնորհքին հաղորդ ըլլալնուդ համար։
8 Քանզի վկայ է Աստուած, որ շատ փափաքներ ունիմ ձեր ամենուն համար Քրիստոս Յիսուսին գութովը։
9 Եւ կ’աղօթեմ որ ձեր սէրը հետզհետէ աւելի շատնայ գիտութիւնով ու իմաստութիւնով,
10 Որպէս զի դուք լաւ բաները ընտրէք, որպէս զի մինչեւ Քրիստոսին օրը անկեղծ եւ առանց գայթակղութեան ըլլաք.
11 Արդարութեան պտուղներով լեցուած Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով՝ Աստուծոյ փառքին ու գովեստին համար։
12 Կ’ուզեմ որ գիտնաք, եղբայրնե՛ր, թէ ինչ որ ինծի պատահեցաւ՝ ա՛լ աւելի աւետարանին յառաջդիմութեանը պատճառ եղաւ.
13 Նոյնիսկ իմ կապերս, որոնք Քրիստոսին համար են, բոլոր պալատին մէջ եւ ամենուն ալ յայտնի եղան։
14 Եւ Տէրոջմով եղբայրներէն շատերը սիրտ առին իմ կապերէս եւ ա՛լ աւելի համարձակեցան Աստուծոյ խօսքը խօսելու առանց վախի։
15 Ոմանք նախանձէ ու հակառակութենէ եւ ոմանք բարեսիրութենէ շարժեալ՝ Քրիստոսը կը քարոզեն.
16 Անոնք հակառակութեան համար Քրիստոսը կը պատմեն, ո՛չ թէ անկեղծութեամբ, կարծելով թէ վիշտ կ’աւելցնեն իմ կապերուս վրայ։
17 Իսկ ասոնք սիրոյ համար, վասն զի գիտեն թէ ես աւետարանին համար պատասխան տալու կեցեր եմ։
18 Բայց հոգ չէ, որ կերպով ալ ըլլայ, թէ՛ պատրուակով եւ թէ՛ ճշմարտութիւնով, կը բաւէ որ Քրիստոսը քարոզուի։ Ասոր համար ուրախ եմ եւ ուրախ ալ պիտի ըլլամ։
19 Քանզի գիտեմ որ ասոր վախճանը իմ փրկութեանս համար պիտի ըլլայ ձեր աղօթքներով ու Յիսուս Քրիստոսին Հոգիին օգնութիւնովը,
20 Իմ եռանդուն ակնկալութեանս ու իմ յոյսիս համեմատ, որ բանո՛վ մը ամօթով պիտի չըլլամ. հապա կատարեալ համարձակութիւնով ինչպէս ամէն ատեն՝ նոյնպէս ալ հիմա Քրիստոս իմ մարմնիս մէջ պիտի փառաւորուի՝ թէ՛ ապրելովս եւ թէ՛ մեռնելովս։
21 Վասն զի ինծի համար՝ ապրիլը Քրիստոս է ու մեռնիլը՝ օգուտ։
22 Եթէ մարմնի մէջ ապրիլս իմ գործիս պտուղ կը բերէ, ալ չեմ գիտեր ո՞րը ընտրեմ։
23 Երկու կողմանէ նեղը մնացած եմ, մեկնելու ու Քրիստոսին հետ ըլլալու փափաք ունենալով. թէեւ վերջինը շատ աղէկ է,
24 Բայց մարմնի մէջ կենալը ձեզի համար աւելի հարկաւոր է։
25 Այս բանին համոզուած ըլլալով՝ գիտեմ թէ ձեր ամենուն հետ պիտի կենամ ու մնամ, որպէս զի դուք զարգանաք եւ ուրախ ըլլաք հաւատքով.
26 Որպէս զի ձեր պարծանքը իմ վրայովս աւելի ըլլայ Քրիստոս Յիսուսով՝ իմ նորէն ձեզի գալուս պատճառով։
27 Միայն թէ Քրիստոսին աւետարանին ինչպէս կը վայլէ՝ այնպէս վարուեցէք. որպէս զի եթէ գամ ու ձեզ տեսնեմ եւ կամ հեռու ըլլամ, ձեր վրայովը լսեմ թէ դուք հաստատուն կը կենաք մէկ հոգիով ու մէկ շունչով պատերազմակից կ’ըլլաք աւետարանին հաւատքին համար։
28 Բանով մըն ալ մի՛ զարհուրիք հակառակորդներէն, որ անոնց կորուստին ապացոյցն է ու ձեզի՝ փրկութեան.
29 Այն ալ Աստուծմէ է. վասն զի ձեզի շնորհուեցաւ Քրիստոսին համար՝ ո՛չ թէ միայն անոր հաւատալ, հապա անոր համար չարչարուիլ ալ,
30 Նոյն պատերազմը մղելով, որ իմ մէջս տեսաք ու հիմա իմ վրայովս կը լսէք։