ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ

1 2 3 4


Գլուխ 2

Արդ՝ եթէ Քրիստոսով մխիթարութիւն մը կայ, եթէ սիրոյ սփոփանք մը, եթէ Հոգիի հաղորդութիւն մը, եթէ գթութիւն ու ողորմութիւն մը,
2 Իմ ուրախութիւնս դո՛ւք լեցուցէք, նոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք, միեւնոյն սէրը ձեր մէջ ունենալով, մէ՛կ շունչ, մէ՛կ մտածում։
3 Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք.
4 Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ։
5 Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր.
6 Որ Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով, յափշտակութիւն մը չսեպեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը.
7 Հապա անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ մարդու կերպարանքովը
8 Ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ։
9 Ասոր համար Աստուած ալ զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է.
10 Որպէս զի Յիսուսին անունին ծնրադրեն երկնաւորները ու երկրաւորները ու սանդարամետականները։
11 Ամէն լեզու դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար։
12 Ուստի, իմ սիրելիներս, ինչպէս ամէն ատեն հնազանդ եղաք՝ ո՛չ միայն իմ ներկայութեանս, հապա ա՛լ աւելի հիմա, իմ բացակայութեանս ատեն, ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք.
13 Վասն զի Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը իր հաճութեանը համար։
14 Ամէն բան առանց տրտունջներու ու վիճաբանութիւններու ըրէք.
15 Որպէս զի ըլլաք անբիծ ու անարատ, Աստուծոյ որդիներ առանց մեղադրանքի, կամակոր ու խոտորեալ ազգին մէջ, որոնց մէջ դուք լուսաւորներու պէս կը փայլիք աշխարհի մէջ,
16 Կենաց խօսքը ամուր բռնելով, որպէս զի կարենամ պարծենալ Քրիստոսին օրը, թէ պարապ տեղ չեմ քալած ու պարապ տեղ չեմ աշխատած։
17 Թէպէտեւ ձեր հաւատքին իբր պատարագ ու զոհ ընծայուիմ, կ’ուրախանամ եւ ձեր ամենուն ուրախակից կ’ըլլամ.
18 Նոյնպէս ալ դուք ուրախացէ՛ք ու ինծի ուրախակից եղէ՛ք։
19 Արդ՝ կը յուսամ Տէր Յիսուսով թէ Տիմոթէոսը ձեզի պիտի ղրկեմ, որպէս զի սիրտս ալ հանգչի, երբ ձեր վիճակը գիտնամ։
20 Վասն զի անոր նման սրտակից մէկը չունիմ, որ մտերմաբար ձեր վրայ հոգ տանի։
21 Քանզի ամէնքը իրենցը կը փնտռեն՝ ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսինը։
22 Բայց դուք փորձով գիտէք թէ ինչպէս որդի մը՝ հօրը, այնպէս ինծի հետ աւետարանին ծառայեց։
23 Ուստի մտադիր եմ զինք ձեզի ղրկել՝ որքան շուտ որ վիճակս յայտնի ըլլայ։
24 Բայց վստահութիւն ունիմ Տէրոջմով որ ես ալ քիչ ատենէն պիտի գամ։
25 Բայց հարկաւոր սեպեցի հիմա ձեզի ղրկել Եպափրոդիտոս իմ եղբայրս եւ գործակիցս ու զինակիցս, որ դուք ղրկած էիք իմ պէտքերուս ծառայելու։
26 Որովհետեւ ինք ալ շատ կարօտցած էր ձեզ ամէնքդ [տեսնելու] ու կը ցաւէր, որ դուք լսած էիք թէ ինք հիւանդացած է։
27 Արդարեւ, ինք մահամերձ հիւանդացաւ, բայց Աստուած ողորմեցաւ անոր. ո՛չ միայն անոր՝ հապա ինծի ալ, որպէս զի տրտմութեան վրայ տրտմութիւն չունենամ։
28 Ասոր համար աւելի փութով ղրկեցի, որպէս զի դուք զանիկա տեսնելով նորէն ուրախանաք ու ես չտրտմիմ։
29 Ուրեմն ուրախութեամբ ընդունեցէք զանիկա Տէրոջմով ու այնպիսիները պատուականներու կարգը բռնեցէք.
30 Քանզի Քրիստոսին գործին համար մինչեւ մահուան մօտեցաւ՝ իր կեանքը վտանգի մէջ ձգելով, որպէս զի ինծի ծառայէ ձեր փոխարէն։