ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ
Գլուխ 7
Ի՜նչ գեղեցիկ են քու քայլերդ կօշիկներով, Ո՛վ իշխանի աղջիկ. Քու բարձերուդ կազմուածը՝ Երեւելի արուեստագէտի մը ձեռքով շինուած՝ Մանեակներու կը նմանի։
2 Քու պորտդ ըմպելիքով լեցուն բոլորակ թասի մը կը նմանի։ Քու փորդ շուշանով պատած ցորենի շեղջին պէս է։
3 Քու երկու ստինքդ նման են երկու ուլերու, Որոնք այծեամի մը ծնած երկուորեակներն են։
4 Պարանոցդ փղոսկրէ աշտարակի պէս է. Աչքերդ Եսեբոն՝ Բաթրաբբիմի դրանը քով եղող աւազաններուն կը նմանին. Ունչդ դէպի Դամասկոս նայող Լիբանանի աշտարակին պէս է։
5 Գլուխդ քու վրադ՝ Կարմեղոսի պէս Եւ գլխուդ հիւսուածքը ծիրանիի պէս է։ Թագաւորը քու խոպոպիքներուդ կապուած է։
6 Ո՜րչափ գեղեցիկ եւ ո՜րչափ քաղցր ես, Իմ փափկալի՛ց սիրուհիս։
7 Քու հասակդ՝ արմաւենիի Ու ստինքներդ ողկոյզներու կը նմանին։
8 Ըսի, Արմաւենիին վրայ ելլեմ, Անոր ոստերուն փակչիմ։ Քու ստինքներդ՝ խաղողի ողկոյզներու պէս Ու ռնգունքներուդ հոտը խնձորներու հոտին պէս թող ըլլայ։
9 Քու համբոյրդ ազնիւ գինիի պէս է, Որ շիտակ կը վազէ իմ սիրականիս Ու քնացողներուն շրթունքները կը խօսեցնէ՝ ՝։
10 Ես իմ սիրականիսն եմ Եւ ան ինծի կը բաղձայ։
11 Եկո՛ւր, իմ սիրականս, դաշտը ելլենք, Գիշերը գիւղերու մէջ անցընենք,
12 Առտու կանուխ այգիները երթանք Ու տեսնենք թէ որթատունկը ծլե՞ր է, ծաղիկը բացուե՞ր է Եւ նռնենիները ծաղկե՞ր են։ Հոն իմ սէրս քեզի պիտի տամ։
13 Մանրագորները իրենց հոտը կու տան Ու մեր դռներուն մէջ, Բոլոր ընտիր պտուղներէն, թէ՛ նոր եւ թէ՛ հին, Քեզի համար պահեր եմ, ո՛վ իմ սիրականս։