ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ
Գլուխ 6
Քու սիրականդ ո՞ւր գնաց, Ո՛վ կիներուն գեղեցիկը։ Քու սիրականդ ո՞ւր դարձաւ, Որ զանիկա քեզի հետ փնտռենք։
2 Իմ սիրականս իր պարտէզը՝ Համեմներու ածուները իջաւ, Որպէս զի պարտէզներու մէջ իր հօտը արածէ Ու շուշաններ հաւաքէ։
3 Ես իմ սիրականիսն եմ Եւ իմ սիրականս իմս է. Անիկա իր հօտը շուշաններու մէջ կ’արածէ։
4 Թերսայի պէս գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս. Երուսաղէմի պէս հաճելի ես Ու դրօշակիր զօրքերու պէս ահարկու ես։
5 Աչքերդ ինծմէ դարձուր, Վասն զի անոնք ինծի յաղթեցին։ Մազերդ Գաղաադ պառկող՝ ՝ այծերուն հօտին պէս են։
6 Ակռաներդ լուացարանէն ելած մաքիներու հօտին կը նմանին, Որոնք երկուորեակ կը ծնանին Ու անոնց մէջ ամուլ չկայ։
7 Այտերդ լաչակիդ մէջէն՝ Նուռի կտորներու կը նմանին։
8 Թագուհիները՝ վաթսուն ու հարճերը՝ ութսուն Եւ օրիորդները անթիւ են։
9 Իմ աղաւնիս, իմ կատարեալս, մէկ է, Իր մօրը մէկ հատիկը, Զինք ծնանողին ընտրեալն է։ Զանիկա աղջիկները տեսան Ու անոր «Երանի՜» ըսին։ Թագուհիներն ու հարճերն ալ Զանիկա գովեցին։
10 Ո՞վ է ասիկա, որ արշալոյսի պէս կը նայի, Որ լուսինի պէս՝ գեղեցիկ, արեւու պէս՝ մաքուր Ու դրօշակիր զօրքերու պէս ահարկու է։
11 Ընկոյզներու պարտէզը իջայ, Որպէս զի ձորին կանանչութիւնը տեսնեմ Եւ նայիմ թէ արդեօք որթատունկը ծլա՞ւ։ Ու նռնենիները ծաղկեցա՞ն։
12 Ես չգիտցած՝ իմ հոգիս Ամինադաբի կառքերուն պէս ըրաւ զիս։
13 Դարձի՛ր, դարձի՛ր, ո՛վ Սողոմացիդ, Դարձի՛ր, դարձի՛ր, որպէս զի քեզ տեսնենք։ Ի՞նչ պիտի փնտռէք Սողոմացիին վրայ. Իբրեւ երկու բանակներու գունդ։