ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ
Գլուխ 4
Ահա դուն գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս, Ահա դուն գեղեցիկ ես։ Լաչակիդ մէջէն քու աչքերդ աղաւնիներու աչքերուն նման են. Քու մազերդ Գաղաադ լեռը պառկող՝ ՝ այծերուն հօտին պէս են։
2 Ակռաներդ լուացարանէն ելլող խուզուած մաքիի հօտի պէս են, Որոնք՝ բոլորն ալ՝ երկուորեակ կը ծնանին Ու անոնց մէջ ամուլ չկայ։
3 Քու շրթունքներդ կարմիր դերձանի պէս են Ու խօսուածքդ գեղեցիկ է։ Այտերդ լաչակիդ մէջէն՝ Նուռի կտորներու կը նմանին։
4 Քու պարանոցդ զինարանի համար շինուած Դաւիթին աշտարակին պէս է, Ուր հազար ասպար կախուած են. Ամէնքն ալ զօրաւորներու վահաններ են։
5 Քու երկու ստինքդ նման են երկու ուլերու, Որոնք այծեամի մը ծնած երկուորեակներն են Եւ շուշաններու մէջ կ’արածին։
6 Օրուան հովը չփչած ու ստուերները չհեռացած, Ես զմուռսի լեռն ու կնդրուկի բլուրը պիտի երթամ։
7 Բոլորովին գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս Եւ քու վրադ արատ չկայ։
8 Ո՛վ իմ հարսս, ինծի հետ Լիբանանէն եկո՛ւր, Ինծի հետ Լիբանանէն եկո՛ւր. Ամանայի գագաթէն, Սանիրի ու Հերմոնի գագաթէն, Առիւծներու մորիներէն ու ինձերու լեռներէն նայէ։
9 Սիրտս առիր, ո՛վ իմ հարս քոյրս, Սիրտս առիր քու մէկ աչքովդ Եւ պարանոցիդ մէկ քառամանեակովը։
10 Քու սէրդ ի՜նչ գեղեցիկ է, ո՛վ հարս քոյրս. Քու սէրդ գինիէն աղէկ է Ու քու իւղերուդ անուշահոտութիւնը՝ Բոլոր խունկերէն։
11 Շրթունքներէդ խորիսխի մեղր կը կաթի, ո՛վ իմ հարսս, Լեզուիդ տակ մեղր ու կաթ կայ։ Քու զգեստներուդ անուշահոտութիւնը Լիբանանի հոտին պէս է։
12 Իմ հարս քոյրս փակեալ պարտէզ մըն է, Փակեալ աղբիւր ու կնքուած աղբերակ մըն է։
13 Քու տունկերդ քաղցրահամ պտուղներով, Հինաներով ու նարդոսներով՝ նռնենիներու դրախտ են։
14 Նարդոս եւ քրքում, եղէգն ու կինամոն, Ամէն տեսակ կնդրուկի ծառով, զմուռսով ու հալուէով Եւ բոլոր գլխաւոր խունկերով։
15 Պարտէզներու աղբիւր, Կենդանի ջուրի ջրհոր Ու Լիբանանէն վազած հեղեղներ։
16 Արթնցի՛ր, ո՛վ հիւսիս, եկո՛ւր, ո՛վ հարաւ, Իմ պարտէզիս մէջ փչէ, որպէս զի անոր խունկերը բուրեն։ Իմ սիրականս թող իր պարտէզը գայ Ու իրեն ախորժելի պտուղները ուտէ։